Ռիտայի. «Միացեալ Նահանգներ Վերջին Շրջանին Իրանեան Նոր Հրթիռներու Ճամբով Յստակ Զգուշացում Մը Ստացան»

Իրանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Մոհսեն Ռիտայի նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ վերջին շրջանին իրանեան նոր հրթիռներու ճամբով յստակ զգուշացում մը ստացած են: Ռիտայի աւելցուց, որ Իրան տնտեսական պատերազմին պիտի հակադարձէ հաստատելով ծովային արգիլեալ շրջան մը, որ Ծոցէն մինչեւ շրջափակման մերձակայք կ՛երկարի: Ան նշեց, որ Իրան խորքային կերպով վերականգնեց պատերազմական նաւերու եւ ամերիկեան ռազմակայաններու նկատմամբ իր … Read more

Հուսիները Հարուածած Են Սէուտական Արաբիան` Վիրաւորելով 73 Անձեր

Առնուազն 73 անձեր, ներառեալ կիներ ու մանուկներ վիրաւորուած են սէուտական քաղաքներու վրայ հուսիներու Անսարուլլա շարժումին կողմէ կատարուած յարձակումին պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «Էս.Փի.Էյ.» գործակալութիւնը` յղում կատարելով արաբական դաշինքի բանբեր գնդապետ-զօրավար Թուրքի Մալիքիին: «Յարձակումի ենթարկուած են քաղաքային եւ տնտեսական կառոյցներ Ապհա, Խամիս Մուշայթ, Ժիզան եւ Նաժրան քաղաքներուն մէջ, ինչ որ յանգեցուցած է 73 քաղաքայիններու վիրաւորման, … Read more

Փութին-Թրամփ «Անկեղծ Ու Շինիչ» Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով յայտարարեց. «Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային անկեղծ ու շինիչ բանակցութիւններ վարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ»: «Փութինն ու Թրամփը ամերիկացի պատուիրակներ Սթիւ Ուիթքոֆի եւ Ճարետ Քուշների Մոսկուա եւ Քիեւ այցելութեան շուրջ տեսակէտներու փոխանակում կատարեցին», ըսաւ ան: «Ուիթքոֆի եւ Քուշների Մոսկուա եւ Քիեւ այցելութեան արդիւնքը Փութինի եւ Թրամփի կողմէ դրական … Read more

Հայաստան Կը Բողոքարկէ Հայկական Ապրանքներու Ռուսիա Արտածման Նկատմամբ Սահմանափակումները

Հայաստան դիմած է Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողով (ԵՏՀ)` ԵԱՏՄ-ի տարածքին մէջ հայկական ծագում ունեցող ապրանքներու տեղափոխման ընթացքին առկայ սահմանափակումները իբրեւ խոչընդոտ ճանչնալու նպատակով, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեցին Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութենէն: Հայկական կողմը ներկայացուցած է առկայ խնդիրները եւ անոնց վերաբերեալ անհրաժեշտ հիմնաւորումները: Անոնք, ըստ նախարարութեան, կը վերաբերին ներմուծման արգելքներուն, լրացուցիչ վերահսկողութեան եւ փաստաթուղթերու պահանջներուն` տարբեր ապրանքատեսակներու նկատմամբ: … Read more

Ռուբէն Վարդանեանի Կինը Ալեն Սիմոնեանի Հետ Պաքու Մեկնելու Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ

Պաքուի բանտը պահուող բարերար Ռուբէն Վարդանեանի կինը` Վերոնիքա Զոնապենտ դիմեց Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալեն Սիմոնեանին, որուն` Պաքու տալիք այցելութեան մասին լուրեր շրջան կ՛ընեն վերջերս լրատուամիջոցներուն մէջ: Ան յոյս յայտնեց, որ նման այցելութիւն մը յաւելեալ կարելիութիւն պիտի ստեղծէ հայ գերիներուն եւ անոնց ընտանիքներուն վերաբերող մարդասիրական խնդիրներու լուծման համար: Յիշեցնելով, որ Սիմոնեան նախապէս ըսած էր, որ խաղաղութեան … Read more

Իսրայէլեան Օդուժը Կը Շարունակէ Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իր Յարձակումները

Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ 9 զոհեր եւ 13 վիրաւորներ, որոնց շարքին` շտապ օգնութեան անդամներ, մանուկներ եւ կիներ, արձանագրուած են Քֆարրմանի վրայ իսրայէլեան երկու օդային յարձակումներու հետեւանքով: Նախարարութիւնը տեղի ունեցածը նկատեց յաւելեալ հաստատ ապացոյց, թէ իսրայէլեան բռնագրաւումը կ՛ոտնահարէ միջազգային մարդասիրական օրէնքը` թիրախաւորելով շտապ օգնութեան անդամներն ու մանուկները, «երբ օրէնքը պատերազմի ժամանակ անոնց պաշտպանութիւնը կը նշէ»: … Read more

Աուն. «Իսրայէլեան Յարձակումները Կը Թիրախաւորեն Շրջագծային Համաձայնութեան Հոլովոյթը»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի արդարադատութեան նախարար Ժերալտ Տարմանենը` ներկայութեամբ արդարադատութեան նախարար Ատել Նասսարի: Նախագահ Աուն յայտնեց, որ իսրայէլեան իրերայաջորդ յարձակումները, անմեղ մանուկներու եւ կիներու սպանութիւնը, տուները քանդելն ու հրկիզելը եւ կալուածները հողին հաւասարեցնելը «դատապարտելի, մերժելի եւ անարդարանալի ոճիրներ են»: Ան ընդգծեց, որ այդ յարձակումները շրջագծային համաձայնութեան հոլովոյթը կը թիրախաւորեն … Read more

Թեհրան Կը Պատրաստուի Հորմուզի Նեղուցէն Դուրս Արգիլեալ Գօտի Ստեղծելու

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ շրջանը կը գտնուի անկայուն վիճակի մէջ` մեղադրելով Միացեալ Նահանգները Իրանի դէմ պատերազմը տարբեր ձեւերով, ներառեալ տնտեսական պատերազմով եւ ծովային շրջափակումով շարունակելու յանցանքով: Նախարարութիւնը ընդգծեց, որ ամերիկեան յարձակումները երկրի գերիշխանութեան, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ միջազգային օրէնքներու խախտում են: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելցուց, թէ իրանեան առեւտրական նաւերու վրայ ամերիկեան յարձակումները «պատերազմական … Read more

Փեսքով. «Փաշինեանը Յառաջիկային Կրնայ Մոսկուա Այցելել»

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յառաջիկային կրնայ Ռուսիա այցելել: Այցելութիւնը կը նախատեսուի այս տարուան ընթացքին, սակայն յստակ թուականները տակաւին չեն որոշուած: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: Փաշինեանի` Մոսկուա այցելութեան մասին համաձայնութիւնը ձեռք բերուած էր 1 սեպտեմբերին Պիշքեքի մէջ` Հայաստանի վարչապետի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի … Read more

Ակնարկ. Իսրայէլեան Յարձակումներու Թէժացում` Հռոմէն Փարիզ Անցնելով

Իսրայէլ խառնածին յարձակումներ կը շարունակէ իրականացնել Լիբանանի դէմ: Այդ յարձակումները ներառած են երեք ուղղութիւն: Գերիներու փոքր խմբաքանակի ազատ արձակում, բանակցութիւնները շարունակելու ազդակներու յղում եւ հրթիռակոծումներու սաստկացում: Այս անգամ թիրախաւորուած են եւ հարուածուած հիւանդանոց, պետական հաստատութիւն` ելեւմուտքի նախարարութեան մասնաշէնք: Առողջապահական, պետական թիրախներ հարուածելով Իսրայէլ կը յայտարարէ նաեւ Ալի Թահեր բարձունքի վրայ ամբողջական վերահսկողութիւն հաստատելը: Ուաշինկթընէն կու … Read more