Ակնարկ. Իսրայէլեան Յարձակումներու Թէժացում` Հռոմէն Փարիզ Անցնելով

Իսրայէլ խառնածին յարձակումներ կը շարունակէ իրականացնել Լիբանանի դէմ: Այդ յարձակումները ներառած են երեք ուղղութիւն: Գերիներու փոքր խմբաքանակի ազատ արձակում, բանակցութիւնները շարունակելու ազդակներու յղում եւ հրթիռակոծումներու սաստկացում: Այս անգամ թիրախաւորուած են եւ հարուածուած հիւանդանոց, պետական հաստատութիւն` ելեւմուտքի նախարարութեան մասնաշէնք: Առողջապահական, պետական թիրախներ հարուածելով Իսրայէլ կը յայտարարէ նաեւ Ալի Թահեր բարձունքի վրայ ամբողջական վերահսկողութիւն հաստատելը:

Ուաշինկթընէն կու գան ազդանշաններ բանակցութիւնները շարունակելու: Հռոմի առկախուած բանակցութիւնները վայր կը փոխեն: Ենթադրեալ նոր փուլի կայացումը տեղի պիտի ունենայ Փարիզի մէջ, ըստ հրապարակումներուն:

Բանակցութիւններու վայրը դերակատարութիւն ունի անշուշտ: Փարիզը, իբրեւ դերակատար, չէր արժանանար Իսրայէլի հաւանութեան, յատկապէս հարաւային Լիբանանի մէջ նոր ձեւաչափով բազմազգեան ուժերու տեղակայման համար: Փարիզը, սակայն, Լիբանանի մէջ ունի պատմական դեր եւ փորձ կը կատարէ այդ դերի, թէկուզ ոչ նախկին տարողութեամբ մէկ մասը պահպանելու:

Միայն Իսրայէլը չէ սակայն, որ Փարիզը դերազերծելու համամիտ է: Ֆրանսա կը նշանակէ Եւրոպայի առանցքային պետութիւն, իսկ Եւրոպան ընդհանրապէս արդի աշխարհաքաղաքականութեան մէջ նախկին կշիռը չունի:

Հիմա սակայն, Փարիզը իբրեւ բանակցային վայր առաջ քշելը Ուաշինկթընէն է, որ կու գայ: Անշուշտ բանակցավայր ըլլալը չ՛ենթադրեր այս պարագային միջնորդութիւն, երաշխաւորութիւն, հետեւաբար առանցքային դերի ստանձնում:

Այդ մասնակի դերը Ֆրանսան չէ, որ ինքնուրոյն կը ստանձնէ կողմերուն կողմէ ընկալելի, հետեւաբար նաեւ հեղինակութիւն եւ լուծումներու բանալի պետութիւն դառնալու առումով: Այդ դերը Ուաշինկթընը չ՛ուզեր զիջիլ Փարիզին: Փարիզը չներառելու իսրայէլեան մերժումը եւս ինքնուրոյն կրնայ չըլլալ: Այստեղ կրնան համատեղուիլ Միացեալ Նահանգներու եւ Իսրայէլի դիրքորոշումները: Բանակցող հիմնական կողմը` Պէյրութը չունենալով վերապահութիւն Ֆրանսայի նկատմամբ, այստեղ որոշելիք դիրք չունի արդէն: Յիշենք նաեւ այն, որ Հռոմէն գոհ չէր նախագահ Թրամփ, յատկապէս իրանեան հակամարտութեան չներգրաւուելուն համար: Նոր է, որ Հռոմ-Ուաշինկթըն յարաբերութիւնները կը վերաբնականոնանան. այդպիսով ալ կը բացատրուին բանակցութիւններու Հռոմի մէջ կայացումները (ապա` առկախումները):

Փարիզի ընտրութեամբ Ուաշինկթըն կրնայ ուղերձ յղել նաեւ մինչեւ հիմա ֆրանսական ուժերու ներառումը մերժող Իսրայէլին: Բուն խնդիրը սակայն այն է, որ ո՛չ Հռոմը, ո՛չ Փարիզը, ո՛չ ալ ապագայ բանակցավայր որեւէ պետութիւն չեն բարձրաձայներ քաղաքացիական, առողջապահական եւ պետական կեդրոններ հարուածող Իսրայէլի մեղաւորութեան պարագան: Իսրայէլ, որ ռազմական յանցագործութիւնները կը ծածկէ բանակցելով եւ մարդասիրական  ներկայացումներ սարքելով` գերիներ ազատելով:

Պէյրութի բողոքները կը մնան անարձագանգ: Պէյրութին կը ստիպեն կրակներու տակ բանակցիլ: Երէկ Հռոմի մէջ, այսօր` Փարիզի:

Leave a Comment