Իսրայէլեան Օդուժը Կը Շարունակէ Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իր Յարձակումները

Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ 9 զոհեր եւ 13 վիրաւորներ, որոնց շարքին` շտապ օգնութեան անդամներ, մանուկներ եւ կիներ, արձանագրուած են Քֆարրմանի վրայ իսրայէլեան երկու օդային յարձակումներու հետեւանքով:

Նախարարութիւնը տեղի ունեցածը նկատեց յաւելեալ հաստատ ապացոյց, թէ իսրայէլեան բռնագրաւումը կ՛ոտնահարէ միջազգային մարդասիրական օրէնքը` թիրախաւորելով շտապ օգնութեան անդամներն ու մանուկները, «երբ օրէնքը պատերազմի ժամանակ անոնց պաշտպանութիւնը կը նշէ»:

Իսրայէլեան օդուժը Տէյր Զահրանի գիւղին մէջ շէնք մը թիրախաւորած է, իսկ այլ շէնք մըն ալ` Նապաթիէ Ֆաուքա գիւղին մէջ:

Իսրայէլեան օդուժը նաեւ թիրախաւորած է Նապաթիէ գաւառի Արապսալիմ գիւղը:

Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը յարձակում գործած է հարաւային Լիբանանի Քֆարրման գիւղին վրայ:

Իսրայէլեան բանակը աւելի ուշ ալ հրետանիով բուռն կերպով ռմբակոծեց Նապաթիէի Ֆաուքան եւ շարունակեց հարաւային Լիբանանի շրջաններուն վրայ իր յարձակումները:

Leave a Comment