Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց Ֆրանսայի արդարադատութեան նախարար Ժերալտ Տարմանենը` ներկայութեամբ արդարադատութեան նախարար Ատել Նասսարի:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ իսրայէլեան իրերայաջորդ յարձակումները, անմեղ մանուկներու եւ կիներու սպանութիւնը, տուները քանդելն ու հրկիզելը եւ կալուածները հողին հաւասարեցնելը «դատապարտելի, մերժելի եւ անարդարանալի ոճիրներ են»:
Ան ընդգծեց, որ այդ յարձակումները շրջագծային համաձայնութեան հոլովոյթը կը թիրախաւորեն եւ հարաւային Լիբանանի ու ամբողջ շրջանին մէջ մագլցումը դադրեցնելու ջանքերը կ՛ականահարեն:
Հանրապետութեան նախագահը ըսաւ, թէ Լիբանան Հարաւի մէջ միջազգային ուժերու առաքելութեան վերանորոգման կը զօրակցի: «Նախագահ Մաքրոնի հետ աշխատանք կը տանինք վերանորոգումը դիւրացնելու, եւ կ՛ողջունենք ՖԻՆԻՒԼ-ի հեռանալէն ետք բացը լեցնելու համար եւրոպական ուժ կազմելու ֆրանսական եւ իտալական նախաձեռնութիւնը», նշեց ան:
Աուն նաեւ նշեց, որ յառաջիկայ շաբաթ պիտի մեկնի Փարիզ` Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի կողքին մասնակցելու համար բանակին ու ներքին ապահովութեան ուժերու աջակցութեան միջազգային խորհրդաժողովի նախապատրաստական ժողովի բացումին մասնակցելու եւ հարաւային Լիբանանի մէջ միջազգային ուժերու տեղակայման նիւթը քննարկելու համար: