Ռուբէն Վարդանեանի Կինը Ալեն Սիմոնեանի Հետ Պաքու Մեկնելու Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ

Պաքուի բանտը պահուող բարերար Ռուբէն Վարդանեանի կինը` Վերոնիքա Զոնապենտ դիմեց Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ալեն Սիմոնեանին, որուն` Պաքու տալիք այցելութեան մասին լուրեր շրջան կ՛ընեն վերջերս լրատուամիջոցներուն մէջ:

Ան յոյս յայտնեց, որ նման այցելութիւն մը յաւելեալ կարելիութիւն պիտի ստեղծէ հայ գերիներուն եւ անոնց ընտանիքներուն վերաբերող մարդասիրական խնդիրներու լուծման համար:

Յիշեցնելով, որ Սիմոնեան նախապէս ըսած էր, որ խաղաղութեան հասնելու ճամբուն վրայ բոլոր մարդասիրական հարցերու լուծումը կենսական նշանակութիւն ունի, եւ այս ծիրին մէջ առաջնահերթ նկատելով հայ գերիներու շուտափոյթ եւ ապահով վերադարձը, Զոնապենտ պատրաստակամութիւն յայտնած է Սիմոնեանին հետ մեկնելու Պաքու: «Գիտեմ, որ նման փափաք ունին նաեւ այլ կալանաւորուածներու ընտանիքներ: Խնդրեմ դիտարկէք մեր մասնակցութեան կարելիութիւնը, եթէ այցելութիւնը կայանայ, եւ աջակցեցէք մեր հարազատներուն հետ հանդիպումներու կազմակերպման», նշեց ան:

Այս ծիրին մէջ Ռ. Վարդանեանի կինը քանի մը հարցումներ ուղղեց Ալեն Սիմոնեանին` այցելութեան ընթացքին կը նախատեսէ՞ք այցելել հայ կալանաւորուածներուն, պատրա՞ստ էք այցելութենէն առաջ հանդիպելու կալանաւորուածներու ընտանիքներուն հետ` անոնց խնդրանքները լսելու եւ կալանաւորուածներուն փոխանցելու համար նամակներ ընդունելու նպատակով:

Վերոնիքա Զոնապենտ շեշտեց, որ Պաքուի բանտերուն մէջ գտնուողներուն ընտանիքներուն համար հարազատները տեսնելու, անոնց առողջական ու հոգեկան վիճակին մասին տեղեկանալու եւ անձամբ սէր ու աջակցութիւն փոխանցելու կարելիութիւնը շատ կարեւոր է:

«Կալանաւորուածներուն համար ատիկա կարելիութիւն է զգալու, որ իրենց կապը ընտանիքին հետ չէ ընդհատուած, եւ որ իրենց ճակատագիրը կը մնայ ուշադրութեան կեդրոն: Յոյս ունիմ ստանալու ձեր պատասխանը եւ քննարկելու, թէ ինչպէ՛ս կարելի է այս հնարաւորութիւնը օգտագործել որոշակի մարդասիրական քայլ մը իրականացնելու համար», նշեց ան:

Leave a Comment