Ռիտայի. «Միացեալ Նահանգներ Վերջին Շրջանին Իրանեան Նոր Հրթիռներու Ճամբով Յստակ Զգուշացում Մը Ստացան»

Իրանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Մոհսեն Ռիտայի նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ վերջին շրջանին իրանեան նոր հրթիռներու ճամբով յստակ զգուշացում մը ստացած են:

Ռիտայի աւելցուց, որ Իրան տնտեսական պատերազմին պիտի հակադարձէ հաստատելով ծովային արգիլեալ շրջան մը, որ Ծոցէն մինչեւ շրջափակման մերձակայք կ՛երկարի:

Ան նշեց, որ Իրան խորքային կերպով վերականգնեց պատերազմական նաւերու եւ ամերիկեան ռազմակայաններու նկատմամբ իր գործողութիւններու կացութիւնը:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, թէ քարիւղի գիները սուր կերպով պիտի նուազին, երբ Միացեալ Նահանգներ Իրանի հետ պատերազմին յաղթանակ արձանագրեն:

Թրամփ աւելցուց, որ վառելանիւթի գինի տակառը 3 տոլարի պիտի նուազի, ապա նուազ քան երկու տոլարի պիտի նուազի` շեշտելով, որ ատիկա շատ արագ տեղի պիտի ունենայ:

Ան շեշտեց, թէ Իրան «երբեք հիւլէական զէնք պիտի չունենայ»:

Իրանի խորհրդարանի փոխնախագահ Ալի Նիքզատ յայտնեց. «Ցնորքներու մէջ գտնուող Միացեալ Նահանգներու հակառակորդ կառավարութեան մեր խորհուրդն է` աւելի չխայտառակուիլ եւ որքան կարելի է շուտ լքել Միջին Արեւելքի եւ Պարսից ծոցի շրջանը»:

Նիքզատ զգուշացուց, որ Իրան մինչեւ օրս ամերիկեան ռազմակայաններն ու պատերազմական նաւերը հարուածելու ընթացքին օգտագործած է իր կարելիութիւններուն միայն մէկ մասը:

«Այս պատերազմը կործանեց Միացեալ Նահանգներու կեղծ վեհութիւնը, եւ այսօր միջազգային ընտանիքի եւ ազատ ժողովուրդներու արթնցած խիղճը աւելի մեծ յստակութեամբ կը տեսնէ իրականութիւնը», աւելցուց ան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր սէուտցի պաշտօնակից Ֆայսալ Պըն Ֆարհան իշխանին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անհրաժեշտ նկատեց գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւնները քաղաքականութեան եւ դիւանագիտութեան ճամբով լուծել:

Լաւրով աւելցուց, որ Մոսկուան ու Ռիատը կոչ կ՛ուղղեն` Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ գոյացած Իսլամապատի արձանագրութեան գործադրութեան համար միջին լուծումներ գտնել:

 

Leave a Comment