Առնուազն 73 անձեր, ներառեալ կիներ ու մանուկներ վիրաւորուած են սէուտական քաղաքներու վրայ հուսիներու Անսարուլլա շարժումին կողմէ կատարուած յարձակումին պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «Էս.Փի.Էյ.» գործակալութիւնը` յղում կատարելով արաբական դաշինքի բանբեր գնդապետ-զօրավար Թուրքի Մալիքիին:
«Յարձակումի ենթարկուած են քաղաքային եւ տնտեսական կառոյցներ Ապհա, Խամիս Մուշայթ, Ժիզան եւ Նաժրան քաղաքներուն մէջ, ինչ որ յանգեցուցած է 73 քաղաքայիններու վիրաւորման, որոնց շարքին կիներու եւ երեխաներու», կը նշուի գործակալութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Կը նշուի, որ դաշինքի հրամանատարութիւնը անհրաժեշտ քայլերու պիտի ձեռնարկէ հուսիներուն հակազդելու համար:
Հուսիներու վերահսկողութեան տակ գտնուող եմէնեան զինեալ ուժերու բանբեր Եահիա Սարիհ յայտարարեց, թէ տասնեակ հեռահաս հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակում գործուած է Սէուտական Արաբիոյ մէջ շարք մը դիրքերու եւ կառոյցներու վրայ` հակադարձելով սէուտական օդային յարձակումներուն, որոնք անցնող երեք օրերու ընթացքին թիրախաւորած են եմէնեան շարք մը նահանգներ:
Սարիհ զգուշացուց, որ Եմէնի վրայ որեւէ յարձակում «աւելի ուժեղ եւ լայնածաւալ» հակադարձութեան պիտի արժանանայ:
Ան ըսաւ, թէ սէուտական խորքին ուղղութեամբ գործողութիւններն ու ուժերու կուտակումներու թիրախաւորումը կը շարունակուին` շեշտելով, որ «շրջափակումը շրջափակման դիմաց հաւասարակշռութիւնը» պիտի շարունակուի, մինչեւ որ յարձակումը դադրի եւ Եմէնի դէմ հաստատուած շրջափակումը վերցուի:
Նշենք, որ Լիբանանի նախագահ Ժոզեֆ Աուն եւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամ դատապարտեցին Սէուտական Արաբիոյ վրայ կատարուած յարձակումները եւ զօրակցութիւն յայտնեցին թագաւորութեան: