Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յառաջիկային կրնայ Ռուսիա այցելել: Այցելութիւնը կը նախատեսուի այս տարուան ընթացքին, սակայն յստակ թուականները տակաւին չեն որոշուած: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:
Փաշինեանի` Մոսկուա այցելութեան մասին համաձայնութիւնը ձեռք բերուած էր 1 սեպտեմբերին Պիշքեքի մէջ` Հայաստանի վարչապետի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպման ժամանակ:
Հանդիպումէն ետք Փաշինեան յայտարարած էր, թէ համաձայնած են «անկեղծ եւ կառուցողական խօսակցութիւնը» շարունակել Մոսկուա իր այցելութեան ընթացքին: