Հայաստան Կը Բողոքարկէ Հայկական Ապրանքներու Ռուսիա Արտածման Նկատմամբ Սահմանափակումները

Հայաստան դիմած է Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողով (ԵՏՀ)` ԵԱՏՄ-ի տարածքին մէջ հայկական ծագում ունեցող ապրանքներու տեղափոխման ընթացքին առկայ սահմանափակումները իբրեւ խոչընդոտ ճանչնալու նպատակով, «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին յայտնեցին Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութենէն:

Հայկական կողմը ներկայացուցած է առկայ խնդիրները եւ անոնց վերաբերեալ անհրաժեշտ հիմնաւորումները: Անոնք, ըստ նախարարութեան, կը վերաբերին ներմուծման արգելքներուն, լրացուցիչ վերահսկողութեան եւ փաստաթուղթերու պահանջներուն` տարբեր ապրանքատեսակներու նկատմամբ:

Երէկ, օրուան առաջին կիսուն, Հայաստանի տնտեսութեան նախարարի տեղակալ Տիգրան Գասպարեան այս մասին խօսեցաւ խորհրդարանին մէջ: Ան յայտարարեց, որ Հայաստան բողոքարկած է հայկական ապրանքներու նկատմամբ Ռուսիոյ կողմէ կիրարկուող սահմանափակումները եւ կ՛ակնկալէ, որ ԵԱՏՄ-ի շրջանակներուն մէջ գործող գործիքակազմերուն միջոցով անոնք վերցուին:

«Կարեւոր են ոչ միայն Ռուսիոյ հետ մեր շփումները, այլ ԵԱՏՄ-ի շրջանակներուն մէջ մեր կարելիութիւնները, որովհետեւ կան յստակ գործիքակազմեր, զորս կարելի է կիրարկել, որպէսզի այդպիսի խոչընդոտները վերանան, եւ մենք աշխուժօրէն կ՛օգտագործենք այդ կարելիութիւնը: Յստակ գործիքակազմեր են, մենք բողոքած ենք եւ յոյս ունինք, վստահ ենք, որ այդ գործիքակազմերը պէտք է գործեն, որպէսզի խոչընդոտները հանուին», նշեց Գասպարեան:

 

Leave a Comment