Թեհրան Կը Պատրաստուի Հորմուզի Նեղուցէն Դուրս Արգիլեալ Գօտի Ստեղծելու

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ շրջանը կը գտնուի անկայուն վիճակի մէջ` մեղադրելով Միացեալ Նահանգները Իրանի դէմ պատերազմը տարբեր ձեւերով, ներառեալ տնտեսական պատերազմով եւ ծովային շրջափակումով շարունակելու յանցանքով:

Նախարարութիւնը ընդգծեց, որ ամերիկեան յարձակումները երկրի գերիշխանութեան, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ միջազգային օրէնքներու խախտում են:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը աւելցուց, թէ իրանեան առեւտրական նաւերու վրայ ամերիկեան յարձակումները «պատերազմական ոճիր ու ահաբեկչական արարք» են` շեշտելով, որ ամերիկեան ռազմակայաններու եւ մարտանաւերու թիրախաւորումը «ինքնապաշտպանութեան» ծիրին մէջ է` Ուաշինկթընէն պահանջելով իր յարձակումները, ծովային շրջափակումն ու պատժամիջոցները դադրեցնել:

Անդրադառնալով բանակցութիւններուն` նախարարութիւնը ըսաւ, թէ բանակցութիւնը ազգային շահերու իրագործման միջոց է, եւ նախարարութիւնը յանձնառու է այդ առնչութեամբ բարձրագոյն իշխանութիւններու որոշումներուն` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգները փոխըմբռնման յուշագիրով ստանձնած բոլոր յանձնառութիւնները խախտեցին, եւ «այժմ գնդակը անոնց դաշտն է»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Հորմուզի նեղուցը անապահով դարձաւ ամերիկեան յարձակումներուն ու ծովային շրջափակման պատճառով` նշելով, որ Օմանի հետ բանակցութիւնները հասած են վերջնական փուլերուն, եւ կարելի է յառաջիկայ օրերուն ընթացքին երկու երկիրներուն միջեւ նեղուցին մէջ ժամանակաւոր նաւարկման միջանցքի վերաբերեալ համաձայնութիւնը արձանագրել Միջազգային ծովային կազմակերպութեան մօտ:

Իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթը հաղորդեց, թէ իսրայէլեան զինուորական հետախուզութեան մէկ գնահատումը հաւանական կը նկատէ, որ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը որոշէ Իսրայէլի դէմ մագլցումի դիմել` Իրանի վրայ պարտադրուած երկակի ճնշումներուն լոյսին տակ:

Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Մոհսեն Ռիտայի յայտարարեց, թէ Թեհրան յառաջիկայ օրերուն պիտի յայտարարէ Հորմուզի նեղուցէն դուրս «արգիլեալ գօտի» մը, որ կը սկսի ամերիկեան ծովային շրջափակման գիծէն, ինչպէս նաեւ յայտարարելով նաւերու դէմ հրթիռի մը ամերիկեան նաւու մը դէմ փորձարկումը:

Ան ըսաւ, թէ «արգիլեալ գօտին» պիտի ներառէ Ծոցի մէջ շրջաններ` աւելցնելով, թէ որեւէ նաւ, որ այդտեղ մուտք կը գործէ, պիտի ներառուի պատժամիջոցներու ցուցակին վրայ:

Ռիտայի յայտնեց, թէ Իրանն ու Օմանը համաձայնութիւն գոյացուցած են Ծոցի ջուրեր մուտք գործելու եւ անոնցմէ դուրս գալու քարտէսի մը շուրջ, եւ այդ համաձայնութեան ստորագրումը մօտ է:

Ան շեշտեց, թէ Հորմուզի նեղուցը ամբողջովին փակ է, եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` նեղուցը բաց մնալու վերաբերեալ յայտարարութիւնները որակեց «մեծ սուտ մը»:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մաժետ Անսարի նշեց. «Իրանի հետ պատերազմը ցոյց տուաւ, թէ Ծոցի արաբական երկիրները պէտք չէ իրենց անվտանգութեան պահպանման համար միայն Միացեալ Նահանգներու հետ իրենց ռազմավարական գործընկերութեան վրայ վստահին»:

Անսարի աւելցուց. «Պէտք է Ծոցի շրջանին մէջ գիտակցինք, թէ շրջանին մէջ միջազգային ուժերու ներկայութիւնը եւ Միացեալ Նահանգներու հետ ռազմավարական դաշինքի հաստատումը չափազանց կարեւոր են, սակայն ոչ բաւարար: Անվտանգութեան ոլորտին մէջ ինքնաբաւութիւնը յառաջ ընթանալու միակ ուղին է»:

 

 

Leave a Comment