ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Գրասենեակին Բաց Նամակը` Ալիեւի Հրաւէրով Բռնագրաւուած Արցախ Այցելած Կրոնոյին – Aztag Daily

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը բաց նամակ յղեց Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Մակտալենա Կրոնոյին` «խոր հիասթափութիւն» յայտնելով վերջինիս մասնակցութենէն` Ազրպէյճանի կառավարութեան կազմակերպած դէպի բռնագրաւուած Արցախ այցելութեան: Բաց նամակին մէջ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան խստօրէն կը դատապարտէ եւրոպացի պաշտօնատարներուն մասնակցութիւնը Պաքուի բեմադրուած ցուցադրութեան` նշելով. «Ինծի համար` իբրեւ Եւրոպական Միութեան … Read more

Շոյկու. «Ռուսիան Երեւանի` Եւրոպական Միութեան Հետ Համարկումը Պիտի Չֆինանսաւորէ» – Aztag Daily

Ռուսիան չի պատրաստուիր ֆինանսաւորելու Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան հետ համարկումը, եւ Երեւանի այդ ուղղութեամբ իւրաքանչիւր քայլը ունի առարկայական հետեւանքներ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկու` Անվտանգութեան խորհուրդի գիտափորձագիտական խորհուրդի նախագահութեան անդամներու խորհրդակցութեան ժամանակ: Ան նշած է, որ Երեւանի քաղաքականութեան մէջ կը նկատուի Հիւսիսատլանտեան դաշինքին հետ համագործակցութիւնը … Read more

Հաճիեւ. «Հայաստանի Եւ Սփիւռքի Մէջ Վրէժխնդրական Ուժերը Կը Փորձեն Խաթարել Խաղաղութեան Հոլովոյթը» – Aztag Daily

Հայաստանի հետ խաղաղութիւնը բարդ պայքար է, սակայն Ազրպէյճան յանձնառու է պահպանելու իր տարածքին մէջ գտնուող քրիստոնէական ժառանգութիւնը: Այս մասին Տուպայի մէջ «Եուրոնիուզ Ֆորում»-ի կլոր սեղանին ժամանակ ըսած է Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ: «Հայաստանի հետ խաղաղութիւնը բարդ պայքար է, սակայն Ազրպէյճանը յանձնառու է պահպանելու իր տարածքին մէջ գտնուող քրիստոնէական ժառանգութիւնը, որովհետեւ անիկա իր պատմութեան մասն … Read more

Քոնկրեսականներ Արցախցիներու Վերադարձին Եւ Հայ Գերիներու Ազատ Արձակման Կոչեր Ուղղեցին – Aztag Daily

Աւելի քան տասնեակ մը քոնկրեսականներ 15 սեպտեմբերին պահանջեցին, որ Ազրպէյճան ազատ արձակէ Պաքուի մէջ ապօրինի պահուող հայ պատանդները եւ արտօնէ, որ Արցախի բնիկ ժողովուրդը ապահով վերադառնայ իր հայրենիքը: Քոնկրեսականները իրենց ձայնը միացուցին Հայ դատի ջատագովներուն, հոգեւորականներուն եւ միջազգային իրաւական մասնագէտներուն` Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպած` «Պատասխանատուութիւն 202. Արցախ. Արդարութիւն. Ազատութիւն. Վերադարձի Իրաւունք» ձեռնարկին ընթացքին: Քոնկրեսի … Read more

Հայ Հոգեւոր Առաջնորդները Սպիտակ Տան Մէջ Հանդիպում Ունեցան Թրամփի Հետ – Aztag Daily

Միացեալ Նահանգներու մէջ հայ հոգեւոր առաջնորդներն ու Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանը Սպիտակ տան Օվալաձեւ գրասենեակին մէջ հանդիպում ունեցած են Թրամփի հետ: Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը կը հաղորդէ. «Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատունը Սպիտակ տան Հաւատքի գրասենեակին հետ համագործակցութեամբ նախաձեռնած է հանդիպում, որուն ծիրին մէջ Միացեալ Նահանգներու հայ հոգեւոր առաջնորդները եւ … Read more

Սաղաթէլեան. «Խայտառակ Բռնաճնշումներ` Տեղական Ինքնակառավարման Ընտրութիւններու Հետ Կապուած – Aztag Daily

Երէկ` 16 սեպտեմբերին Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեանի մամլոյ ասուլիսը` քաղաքական օրակարգային հարցերուն վերաբերեալ: Անդրադառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն Գիւմրիի մէջ տեղակայուած ռուսական 102-րդ զինուորական խարիսխը դուրս բերելու հարցին` Իշխան Սաղաթէլեան ըսաւ. «Այդ խարիսխը որոշակի առաքելութիւն ունի, եւ այս աշխարհաքաղաքական պայմաններուն մէջ Հայաստանը անպաշտպան ձգել թշնամիներու … Read more

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ» – Aztag Daily

Եւրոպական յանձնաժողովին կողմէ Հայաստանի հետ առանց մուտքի արտօնագիրի դրութեան հաստատման որոշակի ժամկէտները հաստատելէ հրաժարիլը Պրիւքսելի` հանրապետութեան «եւրոպական ապագայ»-ի մասին խոստումներուն պատրանքային ըլլալը ցոյց կու տայ: Այս մասին «Իզվեսթիա»-ին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզինը: «Օրինակ` բոլորովին վերջերս, երբ Եւրոպական յանձնաժողովին մէջ, ըստ էութեան, ուղղակի կերպով հերքեցին Նիկոլ Փաշինեանի մինչեւ 2029 թուական մուտքի արտօնագիրի … Read more

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել» – Aztag Daily

Եւրոպական Միութիւնը հետագային կրնայ Հայաստանէն պահանջել Ռուսիոյ դէմ քայլեր ձեռնարկել` Երեւանի եւ Եւրոպական Միութեան ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան մերձեցման զուգահեռ: Այս մասին «Իզվեսթիա»-ին յայտարարած է Լիւքսամպուրկէն Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Ֆեռնանտ Քարթհայզեր: «Առայժմ չեմ ակնկալեր, որ տուեալ պարագային Եւրոպական Միութիւնը Հայաստանէն Ռուսիոյ դէմ գործողութիւններ պահանջէ: Բայց եւ այնպէս, չեմ կասկածիր, որ ապագային Հայաստանէն պիտի խնդրեն … Read more

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

Արցախի մշակոյթի նախկին նախարար, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի թեմական խորհուրդի ատենապետ Լեռնիկ Յովհաննիսեան Ազրպէյճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի կողմէ հայկական ձեռագիր մատեաններու նմուշներու ցուցադրութիւնը «ձեռնածութիւն» որակեց: Հիքմեթ Հաճիեւ Գանձասարի մատենադարանի ցուցասրահին մէջ անցեալ շաբաթավերջին դիւանագէտներուն ցուցադրած էր, իբրեւ թէ, հին հայկական գիրքերը: Բանալով ձեռագիրներու նմուշները, ան դիւանագէտներուն ցոյց տուած էր այդ գիրքերուն դատարկ էջերը, … Read more

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

Արամ Ա. կաթողիկոս դիմատետրի իր էջին վրայ կատարած է գրառում մը, միաժամանակ ներբեռնելով այն տեսերիզները, ուր Ազրպէյճանի քաղաքական դէմքեր եւ եւրոպացի դիւանագէտներ կը պարեն Շուշիի մէջ ու հայկական կոթողները կը ներկայացնեն իբրեւ աղուանական մշակոյթի նմուշներ: Ստորեւ` գրառումը. «Խոր ցաւով ու ընդվզումով դիտեցինք ընկերային ցանցերը ողողած այս տեսերիզները (video-ները): Հայաստանի «բարեկամները» կը պարեն Շուշիի մէջ եւ … Read more