Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Թրամփի Վարչակազմին Կոչ Կ՛ուղղէ` Ապահովելու Բոլոր Հայ Գերիներու Վերադարձը

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը յայտարարեց, թէ չորեքշաբթի օր տեղի ունեցած գերիներու փոխանակումը ցոյց կու տայ, թէ Պաքու անզիջող կը մնայ իր որդեգրած` «պատանդներու դիւանագիտութեան» մէջ` Հայաստանէն յաւելեալ քաղաքական զիջումներ խլելու նպատակով: Յանձնախումբը շեշտեց, թէ տակաւին առնուազն 19 հայ գերիներ կը մնան Ազրպէյճանի բանտերուն մէջ, ուր անոնք խոշտանգումներ եւ բռնութիւն կը դիմագրաւեն ու զրկուած են իրենց … Read more

Ժան Մոմճեան` Մեթնի Թաղապետներու Լիկայի Հաշուապահ

Ուրբաթ, 9 յունուար 2026-ին յայտարարուեցաւ Մեթնի թաղապետներու լիկայի համաձայնական կազմը: Համաձայնութիւնը գոյացաւ Մեթնի մէջ գործող տարբեր քաղաքական ուժերու միջեւ` ՀՅԴ, Լիբանանեան ուժեր, Ազգային ազատ հոսանք, Փաղանգաւոր, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան եւ երեսփոխան Միշել Մըր: Լիկայի նախագահութիւնը առաջին երեք տարիներու համար ստանձնեց Տըքուենիի թաղապետ Ամին Մորիս Խուրին, իսկ երկրորդ երեք տարիներուն համար` Մրուժի թաղապետ Ռիշար Անթուան Խարրաթը: … Read more

Ակնարկ. Հեռու` Տեղեկատուական Աղմուկէ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Արցախի պատերազմի 4 ռազմագերիներու վերադարձը քաղաքական որոշ դիտարկումներու կ՛առաջնորդէ: Կանխատեսումները շատ էին, որ փուլային ձեւով Ազրպէյճան ազատ պիտի արձակէ իր մօտ գտնուող ռազմագերիները: Խաղաղութեան պայմանագիրի նախաստորագրուած տարբերակը իր բովանդակութեան մէջ նման կէտ չէր պարփակած, այդուհանդերձ առանց ժամկէտներու ճշդումի, անոնց ազատ արձակումը կը կապուէր նախաստորագրութենէ դէպի ստորագրութիւն ենթադրաբար գացող ժամանակահատուածին կայանալիք փուլային ազատ արձակման արարներու: Այս … Read more

Հանդիպում Հայ Ազգային Քոնկրեսի Եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչներուն Միջեւ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հանրային կապերու գրասենեակը կը հաղորդէ, որ քաղաքական խորհրդակցութիւններու շրջանակներուն մէջ երէկ հանդիպում տեղի ունեցած է Հայ ազգային քոնկրեսի եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն միջեւ: Կարծիքներ փոխանակուած են Հայաստանի առջեւ ծառացած ներքին ու արտաքին մարտահրաւէրներուն եւ զանոնք յաղթահարելու ուղիներուն մասին: Զրոյցի ընթացքին, մասնաւորապէս, քննարկուած են Հայ առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ դէմ իշխանութիւններու հակասահմանադրական … Read more

Յ. Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Լիբանանի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ լայն քննարկում ունեցաւ Լիբանանի եւ շրջանային իրադարձութեանց շուրջ: Խորհրդարանի նախագահը իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց իսրայէլեան շարունակուող յարձակումներուն նկատմամբ` դիտել տալով, որ միայն լիբանանցիներու միաւորումն է, որ կրնայ պահել Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու թշնամիին դէմ ծառանալու կամքն ու ոգին: Անդրադարձ … Read more

Թրամփ. «Մեզի Տեղեկացուցին, Թէ Իրանի Մէջ Մահապատիժները Դադրած Են, Եւ Իշխանութիւնները Ոչ Ոք Մահապատիժի Պիտի Ենթարկեն»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ չորեքշաբթի գիշեր յայտարարեց. «Մեզի տեղեկացուցին, թէ Իրանի մէջ մահապատիժները դադրած են, եւ իշխանութիւնները ոչ ոք մահապատիժի պիտի ենթարկեն: Պիտի ստուգենք եւ կը յուսանք, որ Իրանի մէջ մահապատիժներու դադրեցման մասին մեզի հասած տեղեկութիւնները ճիշդ են»: «Եթէ Իրանի մէջ կալանաւորուածներու սպանութիւնը դադրած չըլլայ, չափազանց պիտի վրդովինք», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը: «Ռոյթըրզ» իր … Read more

Արաղչի. «Երկրին Մէջ Ամբողջական Հանդարտութիւն Կը Տիրէ, Եւ Կացութիւնը Ամբողջովին Վերահսկողութեան Տակ Առնուեցաւ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի յայտնեց. «Ո՛չ այսօր, ո՛չ ալ վաղը կախաղանի ճամբով մահապատիժներ պիտի ըլլան»: Թեհրան նախապէս յայտարարած էր, որ ցուցարարներուն դատավարութիւնները պիտի արագացնէ: Արաղչի ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Իրանի դիմագրաւած տնտեսական դժուարութիւններուն պատճառով 10 օրուան խաղաղ ցոյցերուն յաջորդած են Իսրայէլի կազմակերպութեամբ բռնարարքներու երեք օրեր: Իրանեան դիւանագիտութեան … Read more

Դանիան ՕԹԱՆ-ի Հետ Համագործակցութեամբ Պիտի Մեծցնէ Կրինլանտի Մէջ Զինուորական Ներկայութիւնը

Դանիոյ զինեալ ուժերը յայտարարած են, որ ՕԹԱՆ-ի գործընկերներու հետ համագործակցութեամբ պիտի մեծցնեն Կրինլանտի մէջ իրենց զինուորական ներկայութիւնը: Դանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական կայքի վրայ հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուած է կղզիի տարածքին մէջ ռազմափորձեր կատարելու մասին: Դանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լարս Լոք Ռասմուսեն Սպիտակ տան մէջ Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ.Տի.Վենսի եւ արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի հետ … Read more

Ակնարկ. Դէպի Երկրորդ Փուլ. Առկախումներ, Ուղերձներ

Պէյրութի վարչապետարանին մէջ կայացած Հնգեակի (Սէուտական Արաբիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի, Քաթարի եւ Եգիպտոսի) դեսպաններու հանդիպումէն ետք կատարուած յայտարարութիւններէն կարելի է որոշ կէտեր արձանագրել: Քննարկուած են եւ արձանագրուած` Ա.- Կառավարութեան որդեգրած տնտեսական բարեկարգումները եւ կառավարութեան կողմէ խորհրդարանին ներկայացուած ելեւմտական բացի հաւասարակշռման ծրագիրը: Բ.- Լիթանի գետէն հարաւ զէնքի մենաշնորհման ծրագիրի առաջին փուլի աւարտի հարցը եւ կառավարութեան անոր … Read more

Չորս Գերիներ Ազատ Արձակուեցան Եւ Վերադարձան Հայաստան

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ յայտնած է Պաքուի մէջ պահուող չորս գերիներու` Հայաստան վերադարձի մասին: Անոր համաձայն, Գէորգ Սուջեանը, Դաւիթ Դաւթեանը, Վիգէն Իւլճեքեանը եւ Վագիֆ Խաչատրեանը Հակարի կամուրջին վրայ Ազրպէյճանի համապատասխան մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ յանձնուած են Հայաստանին եւ հիմա կը գտնուին հանրապետութեան տարածքին մէջ: Գէորգ Սուջեանը, Դաւիթ Դաւթեանը եւ Վիգէն Իւլճեքեանը, վարչապետին հաղորդումով, նախնական քննութեամբ … Read more