Աուն. «Իրան Լիբանանը Միացեալ Նահանգներու Հետ Բանակցութիւններուն Մէջ Իբրեւ Սակարկութեան Խաղաքարտ Կ՛օգտագործէ»
Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն «Սի.Էն.Էն.»-ի աւագ լրագրող Քրիսթիան Ամանփուրի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Իրան Լիբանանը Միացեալ Նահանգներու հետ իր բանակցութիւններուն մէջ իբրեւ սակարկութեան խաղաքարտ կ՛օգտագործէ»` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ Լիբանանի ժողովուրդը չի ներկայացներ: «Լիբանանի ժողովուրդը քու ժողովուրդդ չէ», ըսաւ ան: Աուն նշեց, որ լիբանանցի ամբողջ ժողովուրդին զաւակները, ներառեալ շիիները «յոգնեցան» Հըզպալլայի … Read more