Պայրագտարեան Ընդունեց Երեսփոխան Սատեքը – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան իր գրասենեակին մէջ ընդունեց երեսփոխան Ուատտահ Սատեքը եւ անոր հետ քննարկեց երկրին ընդհանուր կացութիւնն ու մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան ոլորտներուն վրայ անոր ազդեցութիւնը: Պայրագտարեան իր հիւրը դրաւ նախքան պատերազմի ծագումը` անցնող տարուան եւ այս տարուան սկիզբը նախարարութեան գործադրած ծրագիրներուն մթնոլորտին մէջ, ինչպէս նաեւ ներկայացուց այն ծրագիրները, զորս մտադիր է … Read more

Զամիր. «Պիտի Շարունակենք Հըզպալլային Կրած Վնասը Խորացնել»

Իսրայէլեան բանակի սպայակոյտի պետ Իալ Զամիր նշեց. «Իսրայէլեան բանակը կը շարունակէ անմիջական պատրաստուածութիւնը պահպանել Իրանի մէջ կռիւի վերադառնալու համար»: «Իրանի մէջ մեր գործադրած յարձակումը նախերգանքն էր աւելի ուժեղ եւ շատ աւելի լայնածաւալ հարուածի մը: Մենք պատրաստ ենք վերադառնալու եւ Իրանին մէկ այլ ծանր ու խոր հարուած հասցնելու», ըսաւ ան: «Իրանի նոր հաւասարակշռութիւնները պարտադրելու եւ իրողութիւնը … Read more

Զօր. Հայքալ Այցելեց Փաքիստան – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Աղբիւր մը ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Փաքիստանեան բանակի հրամանատար Ասեմ Մունիր երեքշաբթի օր հանդիպում ունեցաւ լիբանանեան բանակի հրամանատար Ռուտոլֆ Հայքալի հետ, որ շաբաթ օր հասաւ Փաքիստան: Լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ անոնք համաձայնեցան իրենց երկիրներուն միջեւ զինուորական գործակցութիւնը ամրապնդելու: Այցելութեան օրակարգին ծանօթ աղբիւր մը ԱՖՓ-ին ըսաւ. «Լիբանանը (Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ) բանակցութիւններուն հիմնական բաժին մըն … Read more

Իսա. «Այն, Ինչ Որ Երէկ Տեղի Ունեցաւ, Քաղաքական Պատգամ Է, Եւ Մենք` Իբրեւ Ամերիկա, Որոշեցինք, Որ Ճակատումը Աւելի Չընդլայնի»

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսա երէկ առաւօտեան այցելեց հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունին, որուն հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Քննարկեցինք լիբանանեան-ամերիկեան-իսրայէլեան բանակցութիւններու հոլովոյթը եւ անդրադարձանք Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան վերջ տալու վերաբերեալ անոր բովանդակութեան»: «Լիբանանեան թղթածրարին առաջնահերթ կարեւորութիւն կ՛ընծայենք, եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ տեւաբար Լիբանանի մասին կը խօսի», ըսաւ դեսպանը: «Կը նախատեսուի, որ … Read more

Մուսաուի. «Գոյացած Համաձայնութիւնը Ամօթ Ու Անձնատուութիւն Է»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Իպրահիմ Մուսաուի յայտնեց. «Լիբանանի իշխանութիւններուն քանի մը օր առաջ իսրայէլացի թշնամիին հետ կնքած համաձայնութիւնը ամօթի, անարգանքի եւ անձնատուութեան համազօր է, թէեւ նոյն այդ իշխանութիւնները երդում տուին երկրին անվտանգութեան ու անոր պահպանման վրայ, սակայն այս ուղիով ընթանալով, անոնք հաստատօրէն երկիրը չեն պահպաներ, այլ անոր գերիշխանութիւնը կը քանդեն: «Զայն պահպանողը խորհրդարանի նախագահ … Read more

Պատասխանելով Նախագահ Աունին` Արաղչի. «Լիբանանը Քու Իսկական Թշնամիէդ Փրկէ՛»

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի անդրադարձաւ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի «Սի.Էն.Էն.»-ին տուած հարցազրոյցին եւ նշեց. «Նախագահ Ժոզեֆ Աունի յայտարարութիւններուն վրայ հիմնուելով մարդ կը մտածէ, թէ Իրանն է, որ Լիբանանի տարածքին մէկ հինգերորդը գրաւած է, լիբանանցիներուն քառորդը տեղահանած է եւ առօրեայ կերպով անոր երկիրը կը ռմբակոծէ»: «Եթէ Լիբանանը Իրանի համար սակարկութեան քարտ ըլլար, շատոնց … Read more

Իսրայէլեան Բանակը Յարձակում Գործելով Լիբանանեան Բանակի Զինուորներ Սպաննեց

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը յայտարարեց, որ շարք մը զինուորներ, որոնց շարքին բարձրաստիճան սպայ մը, նահատակուած են իսրայէլեան օդային յարձակումի մը հետեւանքով, որ Խարտալի-Նապաթիէ ճամբուն վրայ հարուածած է զինուորական մեքենայ մը: Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն դատապարտեց իսրայէլեան յարձակումը` զայն նկատելով լիբանանեան գերիշխանութեան բացայայտ ոտնահարում: «Միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղենք` տէր կանգնելու իր պատասխանատուութեան, վերջ տալու Իսրայէլի յարձակումներուն եւ … Read more

Քլէյաաթի Օդակայանը Վերաբացուեցաւ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Շաբաթ օր տեղի ունեցաւ Քլէյաաթի «Ռընէ Մուաուատ» օդակայանի պաշտօնական բացումը: Այս առիթով վարչապետ Նաուաֆ Սալամ հանրօգուտ շինութեանց նախարար Ֆայեզ Ռասամնիի ընկերակցութեամբ Պէյրութի միջազգային օդակայանէն օդանաւով ուղղուեցաւ Քլէյաաթի օդակայան: Սալամ օդակայանի վերաբացման արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց. «Քլէյաաթի օդակայանի վերաբացումը պետութեան իմաստի վերականգնումն է, եւ մօտ օրէն այս օդակայանէն թռիչքներ պիտի կատարուին»: «Այսուհետեւ մոռացութեան … Read more

Լիպըրման. «Առանց Հարաւային Արուարձաններուն Վրայ Յարձակում Գործելու, Կարելի Չէ Հըզպալլայի Դէմ Ճակատամարտը Վճռել»

«Իսրայէլը մեր տունն է» կուսակցութեան ղեկավար, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախկին նախարար Աւիկտոր Լիպըրման յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ նոր զինադադարը հինին կը նմանի: Ան նշեց, որ առանց Հարաւային արուարձաններուն կամ Պաալպեքի վրայ յարձակում գործելու, կարելի չէ Հըզպալլայի դէմ ճակատամարտը վճռել: «7 հոկտեմբերի կառավարութիւնը իսրայէլեան բանակի ձեռքերը կը կապէ, եւ մեր զինուորներն ու հիւսիսի բնակիչները Հըզպալլայի համար բռնցքամարտի … Read more

Թրամփ. «Լիբանանեան Թղթածրարը Որոշ Չափով Տարբեր Է, Սակայն Իրանին Կապուած Է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց. «Լիբանանեան թղթածրարը որոշ չափով տարբեր է, սակայն Իրանին կապուած է: Կը կարծեմ` Լիբանանի հարցով բաներ տեղի պիտի ունենան, եւ կը կարծեմ, որ յառաջընթաց կ՛արձանագրուի»: Թրամփ նշեց, որ խօսած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի եւ Հըզպալլայի հետ, «եւ տասնամեակներէ ի վեր շարունակուող այս հակամարտութեան մէջ յառաջընթաց արձանագրուեցաւ»: «Անջրպետէն կը հետեւինք … Read more