Պըրրի. «Համաձայն Եմ Իր Բռնագրաւած Շրջաններէն Իսրայէլի Հեռացումին Զուգահեռ Լիթանի Գետի Հարաւէն Հըզպալլայի Հեռացման»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Ուաշինկթընի մէջ Լիբանան-Իսրայէլ ուղղակի բանակցութիւններու ընթացքին գոյացած զինադադարի համաձայնութիւնը որակեց «խառնածին»` նշելով. «Կարելի էր բնագիրին սկիզբը դրական ընկալել, եթէ այդտեղ միայն ցամաքի, ծովու եւ օդի վրայ զինադադար նշուէր, եւ առանց այլեւայլի, առանց կանգուն մնացածը քանդելու, սակայն ականուեցաւ, եւ անոր վրայ աւելցուեցաւ Հըզպալլայի կողմէ ամբողջական զինադադար եւ անոր բոլոր զինեալներու Լիթանիի հարաւէն հեռացում»:

«Կարելի էր, որ գոյացած համաձայնութիւնը դրական ընկալէի, եթէ այդտեղ կարդայի բռնագրաւուած սահմաններէն դուրս հեռացում, սակայն անիկա ականուեցաւ «փորձառական շրջաններով», առանց որեւէ ազդու կողմի միջամտութեան», ըսաւ ան:

«Այդ գոյացած համաձայնութեան մնացեալ մասը անարդար է եւ յիշատակման արժանի չէ», նշեց Պըրրի:

 

Leave a Comment