Խորհրդարանի դիւանին, մարդու իրաւունքներու խորհրդարանական յանձնախումբին եւ արտաքին յարաբերութիւններու խորհրդարանական յանձնախումբին մասնակցութեամբ խորհրդարանին մէջ գումարուեցաւ ժողով մը` մասնակցութեամբ երկու յանձնախումբերու նախագահներ Միշէլ Մուսայի եւ Ֆատի Ալամէի:
Նշենք, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի` իբրեւ խորհրդարանի դիւանի անդամ եւ արտաքին յարաբերութիւններու խորհրդարանական յանձնախումբի քարտուղար մասնակցեցաւ նշեալ ժողովին:
Ժողովի ընթացքին փոխվարչապետ Թարեք Մըթրի ժողովականներուն ներկայացուց միջազգային մարդասիրական իրաւունքի ազգային յանձնախումբի կողմէ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն վերաբերեալ փաստագրական աշխատանքը: