Աուն. «Իրան Լիբանանը Միացեալ Նահանգներու Հետ Բանակցութիւններուն Մէջ Իբրեւ Սակարկութեան Խաղաքարտ Կ՛օգտագործէ»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն «Սի.Էն.Էն.»-ի աւագ լրագրող Քրիսթիան Ամանփուրի հետ հարցազրոյցի ընթացքին նշեց. «Իրան Լիբանանը Միացեալ Նահանգներու հետ իր բանակցութիւններուն մէջ իբրեւ սակարկութեան խաղաքարտ կ՛օգտագործէ»` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ Լիբանանի ժողովուրդը չի ներկայացներ: «Լիբանանի ժողովուրդը քու ժողովուրդդ չէ», ըսաւ ան:

Աուն նշեց, որ լիբանանցի ամբողջ ժողովուրդին զաւակները, ներառեալ շիիները «յոգնեցան» Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի պատերազմէն, եւ «ճիշդ չէ, որ անոնց տուները ամէն 5-էն 10 տարին անգամ մը քանդուին»:

Հանրապետութեան նախագահը Իրանը ամբաստանեց Լիբանանը Միացեալ Նահանգներու հետ իր բանակցութիւններուն մէջ իբրեւ սակարկութեան խաղաքարտ օգտագործելու մէջ, եւ ըսաւ, թէ Թեհրան «իր սեփական շահին համար կը գործէ», մինչ լիբանանցի ժողովուրդն է, որ «գինը կը վճարէ»:

Աուն նաեւ մերժեց Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին հրապարակած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ վերջինս Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ համաձայնութեան իբրեւ մաս Լիբանանէն Իսրայէլի հեռացման կոչ ուղղեց: Ան խօսքը պահակագունդին ուղղելով ըսաւ. «Ասիկա ձեր երկիրը չէ, մեր երկիրն է»:

«Իսրայէլի հետ բանակցութիւնները դժուար էին, մինչեւ որ կրցանք մեծ բեկում իրագործել», նշեց նախագահը` աւելցնելով, որ համաձայնութիւնը կրնայ դէպի արդար ու տեւական խաղաղութիւն ուղղուելու ուղի մը ըլլալ:

Անդրադառնալով Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ հանդիպումի հաւանականութեան` նախագահ Աուն յայտնեց. «Ատիկա պատերազմին վերջ տուող համաձայնութեան գոյացումէն առաջ տեղի պիտի չունենայ»:

 

 

Leave a Comment