Ներկայացուցիչներու Տունը Մերժած Է Լիբանանի Մէջ Ամերիկեան Ուժերու Մասնակցութիւնը Սահմանափակող Բանաձեւի Նախագիծը

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ստորին պալատը` Ներկայացուցիչներու տունը մերժած է բանաձեւի նախագիծ մը, որուն նպատակը Լիբանանի հարցով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի քայլերը սահմանափակելն էր:

Դեմոկրատական քոնկրեսական Ռաշիտա Թալիպի կողմէ ներկայացուած նախագիծը չէ որդեգրուած Դեմոկրատական կուսակցութեան ղեկավարներուն կողմէ մերժուելուն պատճառով:

Նախագիծը կոչ կ՛ուղղէր` նախագիծի որդեգրումէն ետք 7 օրուան ընթացքին ամերիկեան զինեալ ուժերը հեռացնելու Լիբանանէն, սակայն մերժուեցաւ 324 դէմ, 92 թեր եւ երկու ձեռնպահ քուէներով:

Ներկայացուցիչներու տան մէջ դեմոկրատականներու ղեկավարները, ներառեալ Հաքիմ Ճեֆրիզը, յայտնեցին. «Ներկայիս Լիբանանի մէջ մարտական գործողութիւններու կամ թշնամական արարքներու մասնակցող ամերիկացի զինուորներ չկան»:

Անոնք նաեւ նշեցին, որ Թալիպ ներկայացուցած է նախագիծի բարեփոխուած տարբերակը, որ «ամերիկեան ուժերը Լիբանանէն դուրս պահելու լաւագոյն օրէնսդրական միջոցն է»:

Բարեփոխուած տարբերակը կը վայելէ քոնկրեսական Կրեկորի Միքսի եւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբին մէջ բարձրաստիճան դեմոկրատականներու աջակցութիւնը:

Բարեփոխուած տարբերակը կոչ կ՛ուղղէ` ամերիկեան ուժերը 7 օրուան ընթացքին հեռացնելու «Լիբանանի մէջ որեւէ թշնամական արարքէ»` աւելցնելով, որ որոշումը լիբանանեան բանակին հետ ապահովական գործակցութիւնը կամ ամերիկեան դիւանագիտական կառոյցներու պաշտպանութիւնը չ՛արգիլեր:

 

 

Leave a Comment