Լիբանան-Իսրայէլ Միացեալ Հաղորդագրութիւն. Ուաշինկթընի Մէջ Համաձայնութիւն` Հըզպալլայի Կողմէ Կրակոցի Դադրեցումով Եւ Լիթանիի Հարաւէն Հեռանալով Պայմանաւորուած Զինադադարի Շուրջ

Միացեալ Նահանգները 2 եւ 3 յունիսին Ուաշինկթընի մէջ ուղղակի բանակցութիւններէ ետք Լիբանանի եւ Իսրայէլի հետ միացեալ հաղորդագրութեան մը մէջ յայտարարեցին. «Երկու կողմերը գոյացուցին համաձայնութիւն զինադադար հաստատելու` պայմանով, որ Հըզպալլան իր կրակոցը դադրեցնէ, եւ անոր բոլոր անդամները տարհանուին Լիթանի գետէն հարաւ գտնուող տարածքէն»:

«Երկու կողմերը, իբրեւ համապարփակ խաղաղութեան եւ անվտանգութեան համաձայնագիրի հասնելու ուղղուած քայլ, ամերիկեան առաջնորդութեամբ, համաձայնեցան արագացնել ստեղծումը փորձառական գօտիներու, ուր Լիբանանի զինեալ ուժերը պիտի ունենան տարածքի նկատմամբ բացառիկ վերահսկողութիւն` բացառելով բոլոր ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները», նշեց հաղորդագրութիւնը:

Միացեալ Նահանգները, Լիբանանն ու Իսրայէլը հաստատեցին. «Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութեան ապագան միայն երկու գերիշխան կողմերը կ՛որոշեն` մերժելով Լիբանանի ապագայի որոշման մէջ պետութիւններու կամ ոչ կառավարական կողմերու որեւէ միջամտութիւն»:

Հաղորդագրութեան համաձայն, «Լիբանանն ու Իսրայէլը հաստատեցին, որ իրարու նկատմամբ թշնամական մտադրութիւններ չունին, եւ յանձնառութիւն ստանձնեցին շարունակելու ուղղակի բանակցութիւնները` կարգաւորելու համար առկախ հարցերը եւ երկու երկիրներուն միջեւ համապարփակ համաձայնութեան մը ուղղութեամբ աշխատելու»:

Երկու պատուիրակութիւնները նաեւ քննարկեցին «ապահովական շրջագիծ մը, որ հիմնուած է 29 մայիսին Փենթակոնի մէջ գումարուած ժողովներուն վրայ, եւ անոր նպատակը Լիբանանի եւ Իսրայէլի գերիշխանութեան եւ անվտանգութեան մնայուն երաշխաւորումն է, ինչ որ կը ներառէ պետութեան չպատկանող զինեալ խմբաւորումներու կազմաքանդումն ու անոնց վերստեղծման արգիլումը»:

Երեք կողմերը դատապարտեցին «իրանեան յարձակումներն ու գործունէութիւնները, որոնք, գործակատարներու աջակցութեան կամ որեւէ այլ թշնամական արարքի ճամբով կ՛ականահարեն Միջին Արեւելքի մէջ կայունութիւնը»:

Ուաշինկթըն հաստատեց, որ կը շարունակէ «աջակցիլ լիբանանեան եւ իսրայէլեան կառավարութիւններուն կողմէ իրենց գերիշխանութեան կիրարկման` շեշտելով, որ թշնամական գործողութիւններու դադրեցման որեւէ համաձայնութիւն պէտք է ուղղակի կերպով երկու կառավարութիւններուն միջեւ ու ամերիկեան հովանաւորութեամբ գոյանայ, եւ ոչ թէ որեւէ անջատ հոլովոյթի ճամբով»:

Միացեալ Նահանգներ նաեւ շեշտեցին «լիբանանեան բանակին աջակցութեան շարունակութիւնը` ամրապնդելու համար անոր կարողութիւնները եւ զայն կարող դարձնելու համար լիբանանեան բոլոր հողերուն վրայ իր վերահսկողութիւնը հաստատելու»:

Միացեալ հաղորդագրութեան համաձայն, Իսրայէլ հաստատած է, որ «իր անվտանգութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը կարելի է իրագործել միայն Հըզպալլայի զինաթափման եւ Լիբանանի բոլոր հողերուն վրայ անոր ենթակառոյցներու կազմաքանդման ճամբով: Իսրայէլ նաեւ շեշտեց Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութեամբ ուղղակի բանակցութիւններու կարեւորութիւնը` առկախ մնացած բոլոր հարցերը լուծելու եւ տեւական խաղաղութիւն ու անվտանգութիւն հաստատելու համար»:

Լիբանան իր կարգին վերահաստատեց միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններու փոխադարձ յարգման անհրաժեշտութիւնը եւ զինադադարի ամբողջական գործադրութեան հրատապ կարիքը` ընդգծելով հողային ամբողջականութեան եւ պետութեան ամբողջական գերիշխանութեան սկզբունքները:

Լիբանան նաեւ յանձնառու դարձաւ Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ ամրապնդելու լիբանանեան զինեալ ուժերու կարողութիւնները` երկրի բոլոր շրջաններուն վրայ ազդու վերահսկողութիւն հաստատելու համար:

Միացեալ հաղորդագրութեան համաձայն, երկու կողմերը համաձայնեցան «քաղաքական եւ ապահովական հոլովոյթները շարունակելու 22 յունիսին սկսող շաբթուան ընթացքին` հասնելու համար համապարփակ համաձայնութեան, մինչ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն փոխանցման փուլին երկու կողմերուն միջեւ հաղորդակցութիւնը դիւրացնել»:

Թրամփ. «Լիբանանի Մէջ Զինադադարը Աշխարհի Վրայ Այլ Վայրերու Մէջ Զինադադարէն Տարբեր Է»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարեց, թէ Լիբանանի մէջ զինաադարը աշխարհի վրայ այլ վայրերու մէջ զինադադարէն տարբեր է:

«Բացարձակապէս առաջին անգամ ըլլալով Հըզպալլայի հետ կը խօսինք, եւ անոնք համաձայն գտնուեցան Իսրայէլի վրայ չկրակելու», նշեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:

«Կը փորձենք Հորմուզի նեղուցի բացման հարցն ու Լիբանանի մէջ կռիւի դադրեցումը իրարմէ անջատել», աւելցուց Թրամփ:

Իսրայէլի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մայք Հաքըպի իր կարգին յայտնեց. «Լիբանանն ու Իսրայէլը Հըզպալլայի` իսրայէլացիները սպաննելէ դադրելու եւ հարաւային Լիբանանէն հեռանալու անհրաժեշտութեան շուրջ համաձայնեցան»:

Ան աւելցուց, որ Լիբանանն ու Իսրայէլը նաեւ համաձայնած են, թէ Իրանը որեւէ կողմի ապագայի ճշդման մէջ դեր չունի:

Լայթըր. «Հարաւային Լիբանանը Պէտք Է Հըզպալլայի Եւ Իրանի Ազդեցութենէն Զուրկ Ըլլայ»

Միացեալ Նահանգներու մէջ Իսրայէլի դեսպան Եհիէլ Լայթըր Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ Լիբանան-Իսրայէլ բանակցութիւններու աւարտէն ետք յայտարարեց. «Իսրայէլ վճռակամ է զինադադարը գործադրելու»:

«Հարաւային Լիբանանը պէտք է Հըզպալլայի եւ Իրանի ազդեցութենէն զուրկ ըլլայ», նշեց դեսպանը:

Ան աւելցուց, որ Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ զինադադար գոյութիւն ունի` յոյս յայտնելով, որ անիկա կը տոկայ:

«Լիբանանի մէջ Իսրայէլի հակադարձութեան դէմ ապահովագրուած ոչ մէկ վայր գոյութիւն ունի», շեշտեց Իսրայէլի դեսպանը:

Քաց. «Իսրայէլեան Բանակը Ամերիկեան Աջակցութեամբ Ազատութիւն Ունի Պէյրութի Վրայ Յարձակելու»

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտարարեց, թէ Իսրայէլի եւ լիբանանեան կառավարութեան միջեւ սկզբունքներու յայտարարութիւնը «Լիբանանի մէջ մեր ստեղծած իրողութիւնը» կ՛արտացոլէ:

Քաց քննադատեց իսրայէլեան ընդդիմադիր կուսակցութիւնները եւ պահանջեց, որ անոնք ներում հայցեն եւ ընդունին զինադադարի համաձայնութեան ու Լիբանանի հետ փոխըմռնումներու «մեծ ձեռքբերումը»:

Ան աւելցուց, որ մինչ իսրայէլեան կառավարութիւնը քննադատութիւններու կ՛ենթարկուէր, կատարեց քայլեր, որոնք կրնան խաղաղութեան քաղաքական համաձայնութեան եւ 50 տարիէ ի վեր առաջին անգամ ըլլալով իսկական անվտանգութեան հաստատման յանգեցնել:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը նշեց, որ Լիթանի գետէն հարաւ ապազինեալ գօտի պիտի ստեղծուի, եւ իսրայէլեան բանակը պիտի մնայ Լիբանանի մինչեւ «Դեղին գիծ» երկարող «ապահովական գօտի»-ին մէջ, որ կը ներառէ Շքիֆի ամրոցի շրջանը, եւ բնակչութեան վերադարձը պիտի արգիլուի:

Քաց նաեւ աւելցուց. «Իսրայէլ ամերիկեան աջակցութեամբ ազատութիւն ունի Պէյրութի վրայ յարձակում գործելու` հակադարձելով բնակեցման վայրերուն կամ Իսրայէլի ուղղութեամբ որեւէ կրակոցի»:

Ան յայտնեց, որ Իսրայէլ պիտի շարունակէ Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի ենթակառոյցները թիրախաւորել` աւելցնելով, որ Լիբանանի մէջ Իսրայէլի պարտադրած իրողական կացութիւնը կրնայ ապագային Լիբանանի հետ խաղաղութեան համաձայնութեան առաջնորդել:

Պեն Ղաֆիր. «Լիբանանի Հետ Զինադադարը Լուրջ Սխալ Է»

Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան նախարար Իթամար պեն Ղաֆիր յայտնեց, որ Լիբանանի հետ զինադադարը «մեծ սխալ է»` նշելով, որ Հըզպալլան Լիթանի գետի հարաւը գտնուող շրջանէն չհեռացաւ, եւ լիբանանեան բանակը անոր այդ մէկը կատարել ստիպելու որեւէ միջոց չունի:

Ան աւելցուց, որ Հըզպալլան «միայն աւելի հզօր պիտի դառնայ», եւ Իսրայէլ անոր գոյութիւնը կ՛ընդունի` փոխանակ զայն զգետնելու:

Պեն Ղաֆիրի կարծիքով, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու պէտք էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին ըսէր, թէ Իսրայէլը գերիշխան ու անկախ պետութիւն է եւ չի կրնար «ահաբեկչական կազմակերպութեան մը» հզօրացումը եւ իր սահմաններուն վրայ ներկայութիւնը հանդուրժել:

Ան նշեց, որ գոյութիւն ունին պահեր, «երբ պէտք է գիտնանք Միացեալ Նահանգներու նախագահին ինչպէս «ոչ» ըսել»` զգուշացնելով, որ Իսրայէլ յաջորդ անգամ Հըզպալլան պիտի դիմակայէ, երբ անիկա «շատ աւելի հզօր եւ վտանգաւոր» պիտի ըլլայ:

Աուն. «Համաձայնութիւնը Վերջին Առիթն Է»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն յայտնեց, որ չորեքշաբթի օր գոյացած համաձայնութիւնը դժուար էր` նշելով, որ լիբանանեան պատուիրակութեան նախագահ Սիմոն Քարամ մինչեւ իսկ իսրայէլեան յամառութեան պատճառով հասած է իր մասնակցութիւնը առկախելու աստիճանի, ինչ որ բանակցութիւններու շարունակման համար Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի միջամտութեան պատճառ դարձած է:

Աուն լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ընդգծեց, թէ գոյացած համաձայնութիւնը «վերջին առիթն է»` աւելցնելով. «Թող իւրաքանչիւր կողմ իր պատասխանատուութեան տէր կանգնի»:

Ան նշեց, որ Լիբանան շահագրգիռ բոլոր կողմերու պատասխանին եւ համաձայնութեան նկատմամբ յանձնառութեան անհրաժեշտ երաշխիքներուն կը սպասէ` աւելցնելով, որ ամերիկեան կողմը պիտի ստանձնէ գործադրութեան ժամանակի եւ մեքանիզմի ճշդումը:

Նախագահը յայտնեց, որ բոլոր կողմերու համաձայնութենէն եւ անհրաժեշտ երաշխիքներու տրամադրումէն ետք գործադրութիւնը կրնայ 24 ժամուան մէջ սկսիլ` աւելցնելով. «Առաջարկեցինք, որ փորձառական շրջանը իբրեւ առաջին փուլ ներառէ Զաութար Ղարպիէ, Զաութար Շարքիէ եւ Շքիֆ ամրոցի շրջանը»:

«Լիբանան իր յոյսը կը դնէ դերակատարութեանը վրայ ամերիկացի հովանաւորին, որ հաստատ դիրքորոշում ցուցաբերեց», շեշտեց Աուն` աւելցնելով. «Այսօրուան համաձայնութիւնը տարբեր է 27 նոյեմբեր 2024-ի համաձայնութենէն, որովհետեւ տեւական պիտի ըլլայ, եւ մեր յոյսը կը կապենք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ անոր վարչակազմի դերակատարութեան»:

 

Leave a Comment