Ռիտայի. «Լիբանան Որեւէ Համաձայնութեան Կամ Զինադադարի Անբաժանելի Մաս Պիտի Ըլլայ»

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդատու Մոհսեն Ռիտայի իրանեան պետական պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Այն պետութիւնը, որ իր դաշնակիցներուն չ՛աջակցիր, իր հաւաստիութիւնը կը կորսնցնէ»:

«Հըզպալլան վերջին պատերազմի ընթացքին իր անդամներու կեանքերը զոհեց եւ անիկա մեր դաշնակիցն է, ուստի անոր կ՛աջակցինք եւ հաստատօրէն կը կանգնինք մեր յանձնառութեան վրայ», նշեց Ռիտայի:

«Թշնամին ուզեց Լիբանանի վրայ ճնշում բանեցնել` բանակցութիւններուն մէջ մեր վրայ ճնշում բանեցնելու համար, ուստի, Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն եւ Պէյրութի վերաբերեալ սիոնական գոյացութեան սպառնալիքէն ետք, մեր բոլոր հրթիռները պատրաստ էին բռնագրաւեալ հողերը հրթիռակոծելու: Իսկ այսօր այդ զզուելի գոյացութիւնը կը զգուշացնենք, որ պէտք է Լիբանանէն հեռանայ, եւ կը հաստատենք, որ Լիբանան որեւէ համաձայնութեան կամ զինադադարի անբաժանելի մաս պիտի ըլլլայ», յայտարարեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի խորհրդականը:

Անդրադառնալով Արաբական ծոցի Իրանի դէմ ամերիկեան-իսրայէլեան պատերազմին վերաբերեալ դիրքորոշման` Ռիտայի ըսաւ. «Քուէյթի, Պահրէյնի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ղեկավարները սխալեցան եւ տակաւին իրենց քաղաքականութիւնը կը վարեն միաբեւեռ կամ երկբեւեռ համակարգի հիմամբ: Անոնք պէտք է գիտակցին, թէ Ամերիկան յառաջիկայ քանի մը տարուան ընթացքին երեսուն տարի առաջ եղածին կամ նոյնիսկ այսօր եղածին պէս պիտի չըլլայ, այլ պիտի տկարանայ»:

«Ճիշդ է, որ ութ տարի տեւած պատերազմի ընթացքին Սատտամին (Իրաքի նախկին ղեկավար Սատտամ Հիւսէյն, «Ա.») իրենց ցուցաբերած մեծ օժանդակութիւնը անտեսեցինք մեր դրացնութեան եւ իսլամ ըլլալնուս համար, սակայն այս անգամ պիտի չարտօնենք անգամ մը եւս մեր ազնուութիւնը շահագործել: Անոնք պէտք է գիտակցին, թէ Ամերիկայի եւ Իսրայէլի շրջանին համար գծած ապագան խաւար ապագայ մը պիտի ըլլայ` ինքնին այս պետութիւններուն համար, եւ իրենց հողերուն կորուստով պիտի զուգորդուի: Անշուշտ Սէուտական Արաբիան եւ Քաթարը աւելի ողջամիտ քաղաքականութիւն վարեցին», յայտնեց ան:

«Եթէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն ու Քուէյթը սիոնականներուն կողքին կը կանգնին, ապա պէտք է Ապու Տապին Սէուտական Արաբիոյ տան, իսկ Պուպիանը` Իրաքին», ըսաւ ան:

«Կրնայ ըլլալ, որ ապտակ մը կը պատրաստուի Իսրայէլն ու Միացեալ Նահանգները իրենց տեղը նստեցնելու համար», նշեց Ռիտայի:

Ան ըսաւ, որ ներկայիս բանակցութեան նիւթ եղող Իրանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ պատերազմին վերջ տալու փոխըմբռնման յուշագիրը կը պարունակէ անորոշ հարցեր, որոնք յստակացման կը կարօտին:

Ռիտայի ըսաւ, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը ջանայ ճնշում բանեցնել Իրանի վրայ, որպէսզի վերջինս ընդունի իր պայմանները, մինչ Թեհրանի պայմանները ծածուկ կը պահէ:

 

 

Leave a Comment