Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Ուաշինկթընեան յայտարարութիւնը լիբանանցի ժողովուրդի մէկ մասի բնաջնջման եւ մնացեալը ստրկացնելու ճամբու քարտէս է»:
«Այնքան ատեն որ մեր գիւղերը անապահով են, կը ռմբակոծուին, կը քանդուին, եւ մեր ժողովուրդը կը սպաննուի, բնակեցման վայրերը ապահով պիտի չըլլան, եւ մեր հզօրութիւնն ու ուժը պիտի տեսնեն», ըսաւ ան:
«Նախանձախնդիր ենք յարձակումին դէմ ազգային միասնականութեան, եւ պաշտօնատարներուն կոչ կ՛ուղղենք` դադրեցնելու «ուղղակի բանակցութիւններ կոչուող այս զաւեշտն ու վիրաւորանքը», յայտնեց շէյխ Քասեմ:
Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը ըսաւ. «Իշխանութիւնը պատասխանատու կը նկատենք իր պարտականութեան տէր կանգնելով լուծելու լիբանանեան ներքին պառակտումի թերութիւնը, որուն պատճառը անոր քաղաքական ընտրանքներն են»:
«Մարգարէները սպաննողները մեր հողին վրայ պիտի չտեղաւորուին, եւ ներխուժողներուն դէմ պիտի կռուինք, մինչեւ որ զանոնք մեր հողերէն վտարենք եւ անոնց յարձակումը դադրեցնենք», յայտնեց ան:
«Անվտանգութեան ուղիի գործողութիւնը երեւակայական զինադադարի դրօշին տակ ըլլալն է, եւ մինչ յարձակումը կը շարունակուի, Դիմադրութեան մարտիկներու հարաւային Լիբանանի թատերաբեմը լքելը համազօր է յանձնուելու եւ սատանային դրախտ մտնելու երազանքին», ըսաւ շէյխ Քասեմ:
«Ոչ ոքի յանձնառութիւն տուինք յարձակումին չդիմադրելու: Այնքան ատեն որ յարձակումը կը շարունակուի, մեր ամբողջ ուժով անոր դէմ պիտի դնենք եւ զայն պիտի հարուածենք հոն, ուր հասանելի է եւ կրնանք», յայտնեց ան:
«Մենք միայն յարձակումի ամբողջական դադրեցումով, զինադադարով եւ Իսրայէլի հեռացումով շահագրգռուած ենք», նշեց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարը` աւելցնելով. «Ուաշինկթընի յայտարարութիւնը կը սահմանէ այն հիմնական սկզբունքները, որոնք Ամերիկան ու Իսրայէլը կը դիտարկեն իբրեւ Մեծն Իսրայէլի նախագիծին Լիբանանի հպատակութիւն»: