Վարչապետ Նաուաֆ Սալամ վարչապետարանին մէջ նուիրատու երկիրներու դեսպաններու, միջազգային կազմակերպութիւններու եւ ՄԱԿ-ի գործակալութիւններու ներկայացուցիչներու ներկայութեան յայտարարեց. «Բանակցութեան ուղին ընտրեցինք, որովհետեւ Լիբանանի եւ անոր բնակչութեան համար նուազագոյն գինը ունեցող, Իսրայէլի հեռացումն ու մարդոց իրենց բնակութեան վայրեր վերադառնալու ամէնէն կարճ ուղին է»:
Ան ըսաւ. «Զինադադարը մերժել պարզապէս եւ յստակօրէն կը նշանակէ, թէ պատերազմը կը շարունակուի, ուստի եւ մարդասիրական տագնապը կը շարունակուի, աւելի՛ն` անիկա օրէ օր կը խորանայ»:
«Լիբանանցիները անակնկալի եկան, թէ Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը որեւէ կողմէ առաջ զինադադարը առաջինը մերժողն է, եւ ասիկա անգամ մը եւս կը հաստատէ, որ այս պատերազմը մեր պատերազմը չէ եւ անիկա մեզի համար չի մղուիր, այլ մեր հողերուն վրայ եւ մեր ժողովուրդին հաշուոյն կը մղուի», նշեց վարչապետը:
Սալամ խօսքը Իրանին ուղղելով ըսաւ. «Խղճայ մեր հարաւին: Մենք հայրենիք ունինք, եւ Լիբանանը ոչ ոքի սեղանին վրայ խաղաքարտ է, իսկ հարաւը ոչ ոքի համար պահեստային ճակատ մըն է»: