Թրամփ. «Իսրայէլի Եւ Լիբանանի Միջեւ Շարունակուող Հակամարտութիւնը Չիս Կ՛անհանգստացնէ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «Նիւ Եորք Փոսթ» օրաթերթէն Միրետա Տեւինի «Փատ Ֆորս Ուան» յայտագիրին հետ բացառիկ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ երկուշաբթի օր Իսրայէլի վարչապետ Նեթանիահուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին զինք «շատ խենթ» կոչած է, սակայն շեշտեց, որ «միասնաբար չափազանց լաւ աշխատած են»: «Լիբանանի հետ կռիւը շարունակելէն անհանգստացած էի», ըսաւ Թրամփ: Սպիտակ տան ղեկավարը … Read more

Նախագահ Աուն Դատապարտեց Քուէյթի Եւ Պահրէյնի Վրայ Կատարուած Իրանեան Յարձակումները

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն դատապարտեց Քուէյթի եւ Պահրէյնի վրայ կատարուած իրանեան յարձակումներն ու Քուէյթի միջազգային օդակայանի թիրախաւորումը` զանոնք նկատելով երկու եղբայրական երկիրներու գերիշխանութեան ոտնահարում եւ միջազգային օրէնքներու սկզբունքներու խախտում: Նախագահ Աուն զօրակցութիւն յայտնեց Քուէյթին եւ Պահրէյնին` կոչ ուղղելով շրջանը զերծ կացուցելու այս յարձակումներու հետեւանքներէն` մագլցումը թուլացնելու համար: Նշենք, որ Իրանի յարձակումէն ետք Քուէյթի օդակայանը վնասներ … Read more

Վահէ Մելքոնեան Անգլերէն Հրապարակախօսութեան Մրցումին Պիտի Ներկայացնէ Լիբանանը

Անգլիախօսներու ընկերակցութեան Լիբանանի մասնաճիւղը անցեալ շաբաթ կատարեց իր անգլերէն հրապարակախօսութեան 22-րդ մրցումը` այս տարուան միջազգային հրապարակախօսութեան մրցումին Լիբանանի ներկայացուցիչը ընտրելու համար: Մրցումը տեղի ունեցաւ Լիբանանի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, ուր մրցեցան լիբանանեան տարբեր համալսարաններէ տասը ուսանողներ: Մրցումին յաղթանակ արձանագրեց Հայկազեան համալսարանէն Վահէ Մելքոնեանը, որ Լիբանանը պիտի ներկայացնէ յուլիսին Լոնտոնի մէջ տեղի ունենալիք հեղինակաւոր բրիտանական մրցումին` 90 … Read more

Պայրագտարեան. «Նպատակս Պարկեշտ Մարմնակրթութեան Եւ Օրէնքի Կիրարկման Համար Աշխատիլն Է»

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեան Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի «Սերայի զրոյցներ» յայտագիրին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Նախարարութեան երիտասարդութեան թղթածրարին նկատմամբ մօտեցումը վերջին շրջանին արմատական փոփոխութեան ենթարկուեցաւ. անիկա սկաուտութեան եւ երիտասարդական միութիւններու նման աւանդական շրջագիծերով չսահմանափակուեցաւ, այլ ընդլայնուելով ներառեց համալսարաններն ու անկախ երիտասարդները` փորձերով երիտասարդ սերունդին հետ ուղղակի աւելի համապարփակ յարաբերութիւն ստեղծել»: «Այս նոր մօտեցման … Read more

Արտաքին Յարաբերութիւններու Խորհրդարանական Յանձնախումբը Հանդիպում Ունեցաւ Չինաստանի Դեսպանին Հետ

Խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը, որուն անդամ է Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, երէկ կէսօրէ առաջ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպանին հետ: Յանձնախումբի նախագահ Ֆատի Ալամէ հանդիպումի աւարտին յայտնեց, որ այս հանդիպումը առաջինն է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամ պետութիւններու դեսպաններուն հետ տեսակցութիւններու շարքին, անոր նպատակը դեսպանները դնելն է մթնոլորտին մէջ Լիբանանի գտնուած դժուար կացութեան … Read more

Իսրայէլեան Մագլցումին Նկատմամբ Միջազգային Արձագանգներ

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտնեց. «Ոչինչ կ՛արդարացնէ հարաւային Լիբանանի մէջ ներկայիս ընթացող մեծ մագլցումը»` աւելցնելով. «Անհրաժեշտ է, որ կռիւը յաւիտեանս դադրի»: Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Իւեթ Քուփըր նշեց. «Լիբանանի մէջ իսրայէլեան զինուորական մագլցումը պատճառ դարձաւ քաղաքայիններու սպանութեան եւ տեղահանման, ենթակառոյցներու քանդման եւ դիւանագիտութեան տարածքի սահմանափակման, եւ այս վիճակը պէտք է վերջ գտնէ»: «Հըզպալլան պէտք է … Read more

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Յարձակումները Կը Շարունակուին

Լիբանանեան իշխանութիւնները երէկ յայտարարեցին, որ առնուազն 9 հոգի սպաննուած են եւ 5 ուրիշներ, ներառեալ երկու զինուորներ վիրաւորուած` հարաւային Լիբանանի շարք մը շրջաններու վրայ կատարուած իսրայէլեան օդային յարձակումներուն պատճառով: Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը տեղեկացուց, որ երկու զինուորները վիրաւորուած են, երբ Հապպուշ-Տէյր Զահրանի ճամբուն վրայ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքի մը կողմէ յարձակումի ենթարկուած են: Քաղաքային պաշտպանութեան ուժերը յայտարարեցին, … Read more

Լիբանանի Հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Արտակարգ Նիստ

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Ֆրանսայի պահանջով գումարեց արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին ՄԱԿ-ի մէջ խաղաղութեան գործողութիւններու յանձնակատարի տեղակալ Մարթա Ամա Աքիա Փոփի յայտնեց, որ Իսրայէլի լիբանանեան հողերուն մէջ դէպի հիւսիս յառաջանալը եւ անոր ուժերուն «Կապոյտ գիծ»-էն անդին գտնուիլը Լիբանանի գերիշխանութեան եւ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի բացայայտ խախտումներ են` զգուշացնելով, որ կացութիւնը մեծ մտահոգութիւն կը … Read more

Հոգեւոր Վեհաժողով Տիւրզի Համայնքի Կեդրոնատեղիին Մէջ

Երէկ տիւրզի համայնքի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ իսլամ-քրիստոնեայ հոգեւոր վեհաժողով մը` մասնակցութեամբ բոլոր համայնքներու հոգեւոր պետերը: Այլ հոգեւոր պետերու կարգին, յիշեալ վեհաժողովին իրենց մասնակցութիւնը բերին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը եւ Շահէ արք. Փանոսեան: Վեհաժողովի աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ. «Լիբանանցիները կը կազմեն ազգային մէկ ընտանիք, որ միաւորուած է հասարակաց ճակատագիրով, … Read more

Ժոմպլաթ. «Հըզպալլայի Բռնի Ուժով Զինաթափումը Անկարելի Է»

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան նախկին ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ ֆրանսական «Լը Մոնտ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Իսրայէլեան ներկայ պատերազմները իրենց ուղղակի նպատակները շրջանցելով կը ներառեն ականահարումը շրջանային համակարգին, որ ստեղծուեցաւ Սայքս-Փիքօ համաձայնութենէն ետք»: «Իսրայէլ հարաւային Լիբանանի մէջ կը կիրարկէ կանոնաւոր քանդումի ձեւեր, որոնք մինչեւ հիմա յանգեցան 60 գիւղերու հողի հաւասարեցման եւ տեղահանումին երկու միլիոն լիբանանցիներու, որոնց … Read more