Ուաշինկթըն. «Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները Դէպի Համապարփակ Համաձայնութիւն Կը Յառաջանան»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը 2 յունիսին Ուաշինկթընի մէջ Լիբանան-Իսրայէլ քաղաքական հոլովոյթի բանակցութիւններու առաջին օրուան աւարտին յայտարարեց. «Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ քաղաքական եւ ապահովական հոլովոյթներու շարունակուող յառաջընթաց կայ, եւ աշխատանք կը տանինք շրջանցելու անցնող 20 տարիներու ձախողութիւնները»:

«Բանակցութիւնները կը յառաջանան դէպի համապարփակ համաձայնութիւն, որուն նպատակը Լիբանանի գերիշխանութեան վերականգնումն ու Իսրայէլի անվտանգութեան երաշխաւորումն է», նշեց նախարարութիւնը:

Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Միշել Իսա իր կարգին յայտարարեց. «Երէկ յայտարարուած զինադադարը տակաւին մինչեւ հիմա ի զօրու է»:

Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Հըզպալլայի հետ կապ չհաստատեց, այլ Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպան Նատա Մուաուատի հետ:

Իսա ըսաւ, որ այս բանակցութիւններուն նկատմամբ լաւատեսութիւն գոյութիւն ունի, եւ անոնք լաւ ձեւով կ՛ընթանան:

Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Էլ.Պի.Սի.»-ին յայտնեց. «Բանակցութիւնները շինիչ էին, եւ քննարկուեցաւ զինադադարի ամրապնդման առաջին փուլին վերաբերեալ երէկ նախագահ Թրամփի յայտարարածին գործադրութիւնը, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուեցաւ 29 մայիսին գումարուած զինուորական բանակցութիւններու նիստի արդիւնքներուն»:

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Լիբանանի հետ բանակցութիւնները լաւ ձեւով կ՛ընթանան, եւ գոյութիւն ունին հարցեր, որոնց շուրջ կողմերը համամիտ են»:

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց. «Թրամփի ցուցմունքները Լիբանանի մէջ մագլցումը վերահսկողութեան տակ առնելն է, եւ ան ցուցմունք տուաւ Լիբանանը Իրանի ձեռքը բանակցային խաղաքարտի չվերածելու»:

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը նշեց. «Իսրայէլ Պէյրութի վրայ յարձակում պիտի չգործէ, սակայն պիտի չհեռանայ իր գրաւած վայրերէն»:

Ըստ պատկերասփիւռի կայանին, ամերիկեան ուժերը պիտի ստանձնեն լիբանանեան բանակի մարզումն ու վերապատրաստումը:

 

 

Leave a Comment