Ֆրանսայի վարչապետ Սեպասթիան Լըքորնիւ Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ իր արտասանած խօսքին մէջ, անդրադառնալով 2026-ին ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութեան աւարտին ու ապահովական բացի մը ստեղծման մտավախութեան, յայտնեց. «Ֆրանսան այժմէն սեղանի վրայ կը դնէ զինուորական միջոցներու առաջարկ մը, որ նոր լիազօրութեան պատկերացումի մշակումը կ՛արտօնէ: Անջատման ո՞ւժ կ՛ըլլայ: Չեմ գիտեր: Ամէն պարագայի պէտք է ճշդել»:
«Ապահովական բացէն խուսափեցանք: Ֆրանսան իրողապէս այս առաջարկը ներկայացուց եւ շարք մը բեմագրութիւններ մշակեց: Առաջին բեմագրութիւնը 5500 զինուորներէ բաղկացած ուժի կազմութիւնն է, 2-րդը` 3000 զինուորներէ բաղկացած ուժի մը կազմութիւնը, իսկ 3-րդը` 2000 զինուորներէ», նշեց ան:
«Ատիկա պիտի կատարենք եւրոպացի գործընկերներու հետ, որովհետեւ որոշ ժամանակ մը այս հարցին մէջ առանձին էինք: Բարեբախտաբար իտալացիները ներկայ են», ըսաւ Ֆրանսայի վարչապետը` աւելցնելով. «Եւրոպական միւս երկիրները պէտք է առաջին գիծին վրայ աւելի մեծ չափով ներկայ ըլլան` Լիբանանի անվտանգութեան պաշտպանութեան մէջ մեզի օգնելու համար»:
Ան խոստացաւ Լիբանանի յատկացուած մարդասիրական օժանդակութիւնը յառաջիկայ քանի մը շաբթուան ընթացքին կրկնապատկել կամ եռապատկել` Իսրայէլին կոչ ուղղելով «վերջ տալու այս պատերազմին եւ վերջ տալու անօրինական բռնագրաւումին»: