Պաքու Կը Հետեւի Հայաստանի Սահմանադրութեան Փոփոխութեան Հոլովոյթին

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ կարեւոր քայլեր ձեռնարկուած են` իբրեւ օրինակ յիշելով քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հանդիպումները, ինչպէս նաեւ հանդիպումները պաշտօնատարներու միջեւ: ԱՓԱ  լրատու գործակալութեան համաձայն, Պայրամով կրկին շեշտեց, որ Ուաշինկթընի մէջ ընդունուած միացեալ հռչակագիրին մէջ նաեւ նշուած է, որ այս գործընթացի աւարտին համար Հայաստան … Read more

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

Օգտուելով ՀՅԴ «Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամներ Բագրատ Գրիգորեանի եւ Շէրիլին Տիրացուեանի Օսլոյի մէջ նորվեկիական Երիտասարդ քրիստոնեայ դեմոկրատներ կուսակցութեան կազմակերպած ուսումնական այցելութեան ծրագիրի մասնակցութեան առիթէն, ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նամակ մը յղեց Նորվեկիոյ խորհրդարանի եւ Պահպանողական կուսակցութեան անդամ Ամալի Կունուֆսենին: Նամակը կ՛անդրադառնար Արցախի հայ ժողովուրդի միջազգային օրէնքով ամրագրուած տունդարձի իրաւունքին, Պաքուի մէջ պահուող հայ պատանդներու … Read more

Նշմար. Լուրջ Աշխատանքը Դաշտին Վրայ Կ՛ըլլայ

ԿԱՐՕ Կ. Շատ անգամներ նկատած ենք, որ մարզիչներ կամ մարզիկներ «փայլուն» կամ աղմկայարոյց հարցազրոյցներ կու տան կամ խօսք կը «հասցնեն» մրցակից խումբերու հասցէին: Ասիկա կրնայ դրական մթնոլորտ ստեղծել համակիրներուն մօտ, կամ ալ ժխտական մթնոլորտ ստեղծել այլ համակիրներու մօտ: Օրինակ Ռէալ Մատրիտի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ միշտ ալ իր վրայ կեդրոնացուցած է բոլորին ուշադրութիւնը իր ցայտուն յայտարարութիւններով, … Read more

Ըմբշամարտ. «Ստեփան Սարգսեան»-ի Անուան Մրցաշարքը Կը Սկսի Երեւանի Մէջ

Այս շաբաթավերջին Երեւանի մէջ տեղի կ՛ունենեայ ազատ ոճի ըմբշամարտի «Ստեփան Սարգսեան»-ի անուան 26-րդ միջազգային մրցաշարքը: 15 երկիրներէ միջազգային բարձր մակարդակի ըմբիշներ պիտի մասնակցին այս մրցաշարքին (մօտ 181 մարզիկ): Ըստ Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին, Հայաստանի գրեթէ բոլոր հայ լաւագոյն ըմբիշները պիտի մասնակցին: Վազգէն Թեւանեան եւ Արման Անդրէասեան իրենց կարգին պիտի մասնակցին: Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք մրցաշարքին պիտի … Read more

Արժանթինցի Լիոնել Մեսսի Իր Երկրորդ Ակումբը Կը «Գնէ»

Արժանթինցի յառաջապահ, 8 անգամ «Պալոն տ՛օր»-ի տիտղոսակիր Լիոնել Մեսսի համաձայնած է Սպանիոյ Բ. դասակարգին մաս կազմող Էլտենսէ ֆութպոլի ակումբը ձեռք բերելու շուրջ: Ասիկա 39 տարեկան Մեսսիի երկրորդ ակումբն է, զորս ձեռք կը բերէ 2026-ին: Ինթեր Մայեմիի աստղի փաստաբանները արդէն որոշ ժամանակ բանակցութիւններ կը վարէին ակումբի ներկայ սեփականատիրոջ` Խուան Քարլոս Թրուխելիոյի գլխաւորած քոլոմպիական ներդրումային խումբին հետ: … Read more

«Որքա՞ն կարելի է մոլորեցնել և ոչնչացնել Երևանի ճարտարապետական ինքնությունը»․ Վիկտոր Մնացականյան

«Հաղթանակ» կուսակցության նախագահ Վիկտոր Մնացականյանի ֆեյսբուքյան գրառումը․ «Լավ, դեռ որքան կարելի է երևանցիներին հիմարի տեղ դնել։ Մոլորեցնել նման շռայլ, ականջահաճո բառերով (գովազդային ռոլիկներով) և զուգահեռաբար ոչնչացնել Երևանի, ու հատկապես Կենտրոնի ճարտարապետական ինքնությունը։Եթե դուք, ցավոք, գտել եք այնպիսի մարդկանց, որոնք հանուն փողի պատրաստ են աչք փակել պատմական Երևանի ոչնչացման վրա, ապա ես չեմ պատրաստվում։Ո՞նց կարելի է … Read more

Փարիզ Սեն Ժերմեն Անգամ Մը Եւս Թեկնածու

Բազմաթիւ կայքեր արդէն իսկ 2026-2027 տարեշրջանի «Չեմփիընզ լիկ»-ի թեկնածուներու մասին սկսած են խօսիլ: «Կոլ» կայքը այժմէն իսկ գլխաւոր թեկնածու կը նկատէ Ֆրանսայի Փարիզ Սեն Ժերմենը: Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ վերջին երկու տարիներուն կրցած էր շահիլ իր պատմութեան առաջին 2 «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսները, այս տարի որքանո՞վ կրնայ կրկնել նոյն յաջողութիւնը, օրերը կը փաստեն միայն: Տարիներէ ի … Read more

Փարիզ Սեն Ժերմեն Եւ Ռէալ Մատրիտ «Կը Հալածեն» Օլիսէն

Պայերն Միւնիխի եւ Ֆրանսայի ազգային խումբի 24 տարեկան ծայրի յառաջապահ Մայքըլ Օլիսէ կը շարունակէ մնալ Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Ռէալ Մատրիտի ցանկալի թիրախը: Համաշխարհային ֆութպոլի այժմու ամէնէն յաջող «հսկաները» մտադիր են Օլիսէի շուրջ բանակցութիւնները վերսկսիլ ձմրան փոխանցումներու պատուհանին բացուելուն պէս: Նոյն պահուն, Պայերն Միւնիխ չի փափաքիր «ղրկել» Օլիսէն եւ անոր փոխանցման արժէքի գինը գնահատած է … Read more

Թենիս. Ռիպաքինա Դուրս Ձգեց Կաֆը Եւ Աւարտականին Պիտի Մրցի Սապալենքայի Դէմ

Էլենա Ռիպաքինա, որ յառաջիկայ շաբաթ պիտի բարձրանայ աղջկանց թենիսի դասաւորման պարագլուխի դիրքը, երէկ առաւօտեան ժամերուն կրցաւ դուրս ձգել ամերիկացի Քոքօ Կաֆը` 3-6, 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով: Սեթ մը կորսնցնելէ ետք, Ռիպաքինա 4-1 արդիւնքով յառաջացաւ 2-րդ սեթին, բայց Կաֆ համակիրներուն քաջալերանքէն օգտուելով կրցաւ հաւասարիլ 4-4: Ղազախստանի մարզիկ Ռիպաքինա բուռն պայքար մղելէ ետք յաղթեց 2-րդ եւ 3-րդ … Read more

Ուխտագնացութիւն Դէպի Աղթամար. Անգամ Մը Եւս Ս. Պատարագ Մատուցուեցաւ Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Աւանդական դարձած Աղթամարի ուխտագնացութիւնն ու ս. պատարագը կատարուեցաւ կիրակի, 6 սեպտեմբեր 2026-ի առաւօտուն` նախագահութեամբ Սահակ Բ. պատրիարք հօր: Պատարագին մասնակցեցան նաեւ արտասահմանէն, յատկապէս Միացեալ Նահանգներէն ուխտաւորներու խումբեր: Առաւօտեան ժամը 9:00-ին պատրիարքը, հոգեւոր հայրերն ու սպասարկողներու խումբը Վանի նահանգապետարանի տրամադրած նաւով ուղղուեցաւ դէպի Աղթամար կղզի: Ժամը 10:30-ին կազմուած թափօրը տաճարի մօտակայ կիսաւեր մատուռէն Ս. Խաչ երբեմնի … Read more