Փարիզ Սեն Ժերմեն Եւ Ռէալ Մատրիտ «Կը Հալածեն» Օլիսէն

Պայերն Միւնիխի եւ Ֆրանսայի ազգային խումբի 24 տարեկան ծայրի յառաջապահ Մայքըլ Օլիսէ կը շարունակէ մնալ Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Ռէալ Մատրիտի ցանկալի թիրախը:

Համաշխարհային ֆութպոլի այժմու ամէնէն յաջող «հսկաները» մտադիր են Օլիսէի շուրջ բանակցութիւնները վերսկսիլ ձմրան փոխանցումներու պատուհանին բացուելուն պէս: Նոյն պահուն, Պայերն Միւնիխ չի փափաքիր «ղրկել» Օլիսէն եւ անոր փոխանցման արժէքի գինը գնահատած է 200-230 միլիոն եւրոյով: Այս տարեշրջանին Օլիսէ 3 մրցումներու մասնակցած է Պայերնի հետ` նշանակելով 3 կոլ եւ կատարելով 1 էսիսթ: Անոր պայմանագիրը նախատեսուած է մինչեւ 2029-ի ամառ:

Leave a Comment