ՀՅԴ-ի Թեկնածուն Նշանակուեցաւ Վիճակագրութեան Կեդրոնական Վարչութեան Ընդհանուր Տնօրէն – Aztag Daily

Լիբանանի կառավարութիւնը 8 հոկտեմբեր 2026-ին նախագահական պալատին մէջ իր գումարած ժողովին կատարեց կարգ մը նշանակումներ, որոնց շարքին ՀՅԴ-ի թեկնածու Տիանա Վարդանեան-Մարատեան նշանակուեցաւ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն: Տիանա Վարդանեան-Մարատեան իր մագիստրոսի վկայականը ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն` հանրային կառավարման (Public Administration) մարզին մէջ, իսկ պսակաւոր արուեստից վկայականը` նոյն համալսարանէն` հանրային կառավարման մասնագիտութեամբ եւ հոգեբանութեան երկրորդ … Read more

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան 95-Ամեակին Առիթով Հայ Գիրքի Ցուցահանդէս – Փառատօն – Aztag Daily

Երէկ` ուրբաթ, 9 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան 95-ամեակին առիթով կազմակերպուած գիրքի համահայկական ցուցահանդէսին: Կրօնական, քաղաքական, կրթական, մշակութային, մարզական, բարեսիրական մարմիններու, միութիւններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներու, պատասխանատուներու, տնօրէններու եւ ընթերցասէրներու ներկայութեան կայացած այս հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց հրատարակչատան անձնակազմէն Մեղեդի Պետրճիքեան, ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Զմմառու պատրիարքական կղերի … Read more

Այնճարցի Նահատակ Գէորգ Հաճեանի Յիշատակը Ոգեկոչուեցաւ Այնճարի Վարժարաններուն Մէջ – Aztag Daily

Երեքշաբթի, 6 հոկտեմբեր 2026-ին ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչականին նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ, Այնճարի ազգային Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան քոլեճին եւ Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանին մէջ ոգեկոչուեցաւ յիշատակը Այնճարի արժանաւոր զաւակ Գէորգ Հաճեանին, որ 6 տարի առաջ նոյն օրը հերոսաբար նահատակուեցաւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին Արցախի Վարանգաթաղի բարձունքին վրայ: Զոյգ վարժարաններուն մէջ աշակերտները առիթը ունեցան դիտելու ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» … Read more

Պերճ Աբգարեան Այցելեց «Ազդակ» – Aztag Daily

Ֆրեզնոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս եւ բժշկական առաքելութեան ղեկավար Պերճ Աբգարեան 7 հոկտեմբերին այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ։ Ան Լիբանան ժամանած է Երեւանէն, ուր կայացած էր բժշկական առաքելութեան 16-րդ գործուղումը։ Հայրենիքի մէջ իրականացուցած առաքելութիւնը ունէր չորս ուղղութիւն՝ բժշկական միջազգային գիտաժողով, գործակցութեամբ Երեւանի պետական բժշկական համալսրանին , մանուկներուն յատուկ վիրահատական մասնագիտութեան նորարարութիւններ, մարզաբուժակներու (ֆիզիոթերափիսթ) … Read more

Բագրատունի. «Մեր Կարեւորագոյն Որոշումը Ներքին Միասնութեան, Համակեցութեան Եւ Մեր Ազատութիւններու, Ինչպէս Նաեւ Գերիշխանութեան Մնացորդի Պահպանումն Է» – Aztag Daily

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի հիւրն էր «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի «10452» փոտքասթին, որ քննարկեց Լիբանանի եւ շրջանին մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումները: Բագրատունի հարցազրոյցին սկիզբը հաստատեց, որ ՀՅԴ-ն թէեւ կը հասկնայ համաներման օրէնքի մարդասիրական կողմը, սակայն սկիզբէն դէմ եղած է անոր: Ան բացատրեց, որ կուսակցութեան այդ … Read more

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն – Aztag Daily

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւնը՝ գլխաւորութեամբ ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեանի եւ ընկերակցութեամբ անդամներ Արամ Սոմունճեանի, Արծիւ Տէր Խաչատուրեանի եւ Եղիա Թաշճեանի, չորեքշաբթի, 30 սեպտեմբեր 2026-ին այցելեց ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցաւ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային վարչութեան հետ։ Պատուիրակութիւնը ընդունեցին ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային վարչութեան նախագահ Ժերար Թիւֆէնքճեան, ինչպէս նաեւ անդամներ՝ Վազգէն Հատիտեան, Մայք Վայէճեան, Յակոբ Տանձիկեան, Սիլվա … Read more

Հրանդ Խտըրլարեանի «Գեղեցկութեան Եւ Ազդեցութեան Արձագանգներ» Խորագիրով Առաջին Անհատական Ցուցահանդէսը – Aztag Daily

Ուրբաթ, 25 սեպտեմբերին, Հայկազեան համալսարանի արուեստի կեդրոնի «Մաթոսեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ համալսարանի շրջանաւարտ Հրանդ Խտըրլարեանի «Գեղեցկութեան եւ ազդեցութեան արձագանգներ» խորագիրով առաջին անհատական ցուցահանդէսի բացումը: Ցուցահանդէսը, որ կ՛ընդգրկէր mixed-media 18 գեղանկարներ եւ 86 դիմանկարներ, կը ներկայացնէ գեղեցկութեան, մարդկային էութեան, պատմութեան եւ աշխարհի մասին մեր պատկերացումները ձեւաւորող փորձառութիւններու անհատական ընկալումը: Խտըրլարեան ոգեշնչուած է գեղեցկութեան երեք դրսեւորումներէն` … Read more

Արցախի Նուիրուած` «Արցախ Անաւարտ Պատերազմ», «Արցախ Վտանգուած Ժառանգութիւն 1» Եւ «Արցախ Վտանգուած Ժառանգութիւն 2» Հատորներու Շնորհահանդէս* – Aztag Daily

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան 95-ամեակին առիթով, չորեքշաբթի, 23 սեպտեմբեր երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան հովանաւորած` Արցախի նուիրուած երեք հատորներու`  «Արցախ անաւարտ պատերազմ», հեղինակ` Դաւիթ Ղահրամանեան, «Արցախ վտանգուած ժառանգութիւն 1» եւ «Արցախ վտանգուած ժառանգութիւն 2», հեղինակ` Րաֆֆի Քորթոշեան,  շնորհահանդէսը եւ արցախցի նկարիչներու ցուցահանդէսը: Ցուցադրուած էին գործերը` Յովիկ Գասպարեանի, … Read more

«Երեւանեան Երեկոյ» Խորագիրով Երգահանդէս` Նուիրուած Հայաստանի Վերանկախութեան – Aztag Daily

Կազմակերպութեամբ «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան, երկուշաբթի, 21 սեպտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:00-ին թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Երեւանեան երեկոյ» խորագիրով երգահանդէս` նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան Բ. անկախութեան: «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահի վարչութեան անունով խօսք առաւ Մարալ Մխսեան: Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, դիտել տուաւ, որ վարչութիւնը տարբեր առիթներով նախաձեռնած է նման երգահանդէսներու, աւելցնելով, որ սոյն թատերասրահը … Read more

Շեշտելով, Որ Հարաւի Դէմ Իսրայէլ Ցեղասպանութին Կը Գործէ. «Օսմանեան Տիրապետութիւնը Վերակենդանացնելու Եւ Շրջանին Տիրելու Ծրագիր Կայ Թրքական Եւ Իսրայէլեան Գործակցութեամբ» Ընդգծեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի – Aztag Daily

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Միջին Արեւելքի պատասխանատու եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի շաբաթավերջին հարցազրոյց մը ունեցաւ լիբանանեան «Էն.Պի.Էն.» պատկերասփիւռի կայանին հետ: Զրոյցը հիմնականին մէջ կեդրոնացաւ շրջանին մէջ շարունակուող ապահովական անկայունութեան եւ Լիբանանի ներքին իրավիճակին վրայ: «Չեմ ուզեր յոռետեսութեամբ սկսիլ զրոյցս, բայց կրնայ ըլլալ, որ Լիբանանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ որոշ տարակարծութիւններ կային վարչակարգի թէ … Read more