Ուխտագնացութիւն Դէպի Աղթամար. Անգամ Մը Եւս Ս. Պատարագ Մատուցուեցաւ Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Մէջ

Աւանդական դարձած Աղթամարի ուխտագնացութիւնն ու ս. պատարագը կատարուեցաւ կիրակի, 6 սեպտեմբեր 2026-ի առաւօտուն` նախագահութեամբ Սահակ Բ. պատրիարք հօր: Պատարագին մասնակցեցան նաեւ արտասահմանէն, յատկապէս Միացեալ Նահանգներէն ուխտաւորներու խումբեր:

Առաւօտեան ժամը 9:00-ին պատրիարքը, հոգեւոր հայրերն ու սպասարկողներու խումբը Վանի նահանգապետարանի տրամադրած նաւով ուղղուեցաւ դէպի Աղթամար կղզի:

Ժամը 10:30-ին կազմուած թափօրը տաճարի մօտակայ կիսաւեր մատուռէն Ս. Խաչ երբեմնի հայրապետանիստ տաճար առաջնորդեց պատարագիչ Մեսրոպ եպս. Պարսամեանը:

Ս. սեղանին կը սպասարկէին` Յարութիւն վրդ. Տամատեան, Արմաշ քհնյ. Պաղտասարեան, Նաթան քհնյ. Արապեան, սարկաւագներ եւ կիսասարկաւագներ:

Երգեցողութիւնները կատարուեցան «Արմաշ» դպրաց դասին կողմէ` առաջնորդութեամբ Յարութիւն Էտվին սրկ. Կալիպեանի:

Տէրունական աղօթքէ առաջ պատրիարք հայրը խորհրդածութիւն կատարեց «Զօրութիւն Սուրբ Խաչի քո Քրիստոս, որ կանգնեցեր ի փրկութիւն աշխարհի. Սա պահեսցէ զմեզ յամենայն փորձութենէ» (շարական) բնաբանով, Տէր Յիսուս Քրիստոսի Խաչի եւ Աղթամարի Ս. Խաչ տաճարի շինութեան մասին: Ապա փառք տուաւ Աստուծոյ, որ այս տարի եւս եկած էր Աղթամար` աւանդական դարձած ուխտագնացութեան նախագահելու եւ ս. պատարագով ուխտագնացութիւնը իր գագաթին հասցնելու: Ապա քարոզելու հրաւիրեց պատարագիչ սրբազան հայրը, որ ուխտաւորաբար եկած էր: Ան ըսաւ. «Այս առաւօտ մեր նաւը կը ճեղքէր Վանայ լիճի ջուրերը` ուղղուելով դէպի Աղթամար կղզի եւ Սուրբ Խաչ վանք: Այդ անցումին կէսին, երբ ամէն կողմ ջուր էր, յանկարծ ինքզինքս գտայ աղօթելով այն խօսքերով, զորս գրած էր մէկը, որ այս լիճը ինձմէ շատ աւելի լաւ կը ճանչնար` Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին:

«Սուրբ Գրիգոր իր ամբողջ կեանքը ապրեցաւ Նարեկավանքին մէջ` այս նոյն լիճի հարաւային ափին: Տարիներ շարունակ ան դիտեց լիճը` օր մը խաղաղ, ուրիշ օր մը` ալեկոծ: Ժամանակի ընթացքին լիճը կարծես դարձաւ մարդկային հոգիին հայելին` երբեմն հանդարտ, երբեմն փոթորկոտ եւ երբեք ամբողջովին կանխատեսելի:

«Երբ նաւուն տախտակամածին վրայ կանգնած կը դիտէի ալիքները, անոր դարաւոր աղօթքը յանկարծ կենդանացաւ.

«Կեանքի փայտովդ` խաչովդ, հանդարտեցուր իմ փոթորկած ծովերս: Որովհետեւ, եթէ ողորմութիւնդ կամենայ, Տէ՛ր, ծովուն հոսուն ալիքները քարաժայռէն աւելի հաստատուն կը դառնան:

Բայց եթէ զիս լքես նոյնիսկ ցամաքի վրայ, Տէ՛ր, այն հողը, որուն վրայ կանգնած եմ, պիտի շարժի եւ փլի ոտքերուս տակ»:

«Մենք յաճախ կը կարծենք, թէ խաղաղութիւն պիտի գտնենք, երբ ամէն ինչ վերջապէս հաստատուն դառնայ, երբ` հիւանդութիւնը անցնի, տարակարծութիւնը վերջ գտնէ, նիւթական դժուարութիւնը լուծուի, կամ ապագան յստականայ: Շարունակ կը սպասենք հաստատուն գետնի:

«Սակայն Սուրբ Գրիգորի աղօթքը գլխիվայր կը շրջէ մեր մտածելակերպը: Առանց Աստուծոյ` նոյնիսկ ցամաքը կրնայ փլիլ մեր ոտքերուն տակ: Իսկ Քրիստոսի ներկայութեամբ, փոթորկոտ ջուրերն անգամ կրնան հաստատուն գետին դառնալ:

Պետրոս այս ճշմարտութիւնը ապրեցաւ, երբ Յիսուս զինք նաւէն դուրս կանչեց: Յիսուս նախ ծովը չհանդարտեցուց: Պարզապէս ըսաւ` «Եկո՛ւր» (Մատթէոս 14.29): Պետրոս ոտք դրաւ ջուրին վրայ, որ տակաւին կը շարժէր եւ տակաւին վտանգաւոր էր: Իր ապահովութիւնը ոտքերուն տակ չէր: Իր ապահովութիւնը զինք կանչող ձայնին մէջ էր:

«Ահա թէ ի՛նչ կը նշանակէ իսկական հաւատքը. ոչ թէ վստահ ըլլալ, որ ջուրերը պիտի հանդարտին, այլ վստահ ըլլալ, որ Քրիստոս երբեք մեզ պիտի չլքէ:

«Թերեւս այսօր քու ոտքերուդ տակ գետինը կը շարժի: Թերեւս ապագան անորոշ կը թուի: Ապահովութիւնդ մի՛ չափեր կեանքիդ արտաքին հանդարտութեամբ: Աչքերդ Քրիստոսի վրայ պահէ՛: Փորձէ՛ փոթորիկի ձայնէն անդին` լսել Անոր ձայնը: Առ հաւատքի յաջորդ քայլը, նոյնիսկ երբ ամէն ինչ ոտքերուդ տակ անկայուն կը թուի,  որովհետեւ մեր ապահովութիւնը չի գար այն բանէն, որ մեր ոտքերուն տակ է, այլ Անկէ, որ մեր կողքին կը քալէ», ըսաւ ան քարոզին մէջ:

Ուխտաւորները հաւաքական խոստովանանքէն ետք ս. հաղորդութիւն ստացան: Յաւարտ ս. պատարագի կատարուեցաւ կարգ ի հանգիստ Հայ եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Աղթամարայ երբեմնի կաթողիկոսութեան հանգուցեալ սպասաւորներու հոգւոցն: Յիշատակուեցան` Ս. Խաչ հայրապետանիստ տաճարի կառուցման բարերար Գագիկ Արծրունի թագաւորը, տաճարի ճարտարապետ Մանուէլ վարդապետը, Աղթամար գահակալող Ամենայն Հայոց կաթողիկոսները, Մեծի Տանն Աղթամարայ կաթողիկոսները եւ համայն միաբանները Աղթամարի Աթոռոյն, Վանի երբեմնի թեմի եւ ի Քրիստոս հանգուցեալ համայն հաւատացեալները:

Եկեղեցւոյ մէջ կատարուած հանդիսութիւններէն ետք, Սահակ Բ. պատրիարքին գլխաւորութեամբ, հոգեւորականներու թափօրը առաջնորդուեցաւ բակ, ուր հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու «Ամէն, ալէլուիա»-ներով կատարուեցաւ հանդիսաւոր անդաստան, որուն ընթացքին օրհնուեցան` աշխարհի չորս ծագերը, հայոց հայրապետութիւնը, քրիստոնեայ թագաւորութիւններն ու իշխանութիւնները, երկիրն ու անդաստանները, տարւոյն պտղաբերութիւնը, վանքերն ու անապատները, քաղաքներն ու գիւղերը եւ անոնց բնակիչները:

Ապա նորին ամենապատուութեան տուած օրհնութեամբ իրենց աւարտին հասան արարողութիւնները:

Յաւարտ ս. պատարագի, պատրիարք հայրը, հոգեւոր հայրերու եւ սպասարկողներու խումբը վերադարձան Վան:

Արարողութիւնը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ համացանցի միջոցով. https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/1073094468689130

 

Leave a Comment