Ըմբշամարտ. «Ստեփան Սարգսեան»-ի Անուան Մրցաշարքը Կը Սկսի Երեւանի Մէջ

Այս շաբաթավերջին Երեւանի մէջ տեղի կ՛ունենեայ ազատ ոճի ըմբշամարտի «Ստեփան Սարգսեան»-ի անուան 26-րդ միջազգային մրցաշարքը:

15 երկիրներէ միջազգային բարձր մակարդակի ըմբիշներ պիտի մասնակցին այս մրցաշարքին (մօտ 181 մարզիկ):

Ըստ Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին, Հայաստանի գրեթէ բոլոր հայ լաւագոյն ըմբիշները պիտի մասնակցին: Վազգէն Թեւանեան եւ Արման Անդրէասեան իրենց կարգին պիտի մասնակցին:

Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք մրցաշարքին պիտի մասնակցին աշխարհի ախոյեան Զահիտ Վալենսիա (Միացեալ Նահանգներ), աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Ապակաճի Մակոմետով (Ռուսիա), Եւրոպայի ախոյեան Իպրահիմ Իպրահիմով (Ռուսիա) եւ շարք մը յայտնի ըմբիշներ:

26-րդ միջազգային այս մրցաշարքին համար Հայաստանի կառավարութիւնը Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին կը յատկացնէ աւելի քան 25 միլիոն դրամ:

Կազմակերպութիւնները որոշած են մրցանակային նիւթական պարգեւ յատկացնել 2 հազար ամ. տոլար իւրաքանչիւր կշիռի կարգի ախոյեանին, մինչ արծաթէ մետալակիր պիտի ստանայ հազար ամ. տոլար, իսկ պրոնզէ մետալակիրը` 5 հարիւր ամ. տոլար:

«Ստեփան Սարգսեան»-ի անուան մրցաշարքը առանձնայատուկ նշանակութիւն ունի հայկական ըմբշամարտին համար: Այս մրցաշարքը միակն է, որ ընդգրկուած է ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնի պաշտօնական օրացոյցին մէջ:

Այս 26-րդ միջազգային մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ 2026-ին, ան Հայաստանի մէջ կատարուելիք միջազգային մրցաշարքերէն ամէնէն կարեւորներէն կը նկատուի:

Ինչպէս նշեցինք, Ամերիկան եղած էր առաջին խումբերէն, որ յայտարարած էր իր հաւաքականի անդամները, որոնց գլխաւորն է աշխարհի ախոյեան Զանիտ Վալենսիա:

 

Leave a Comment