Փարիզ Սեն Ժերմեն Անգամ Մը Եւս Թեկնածու

Բազմաթիւ կայքեր արդէն իսկ 2026-2027 տարեշրջանի «Չեմփիընզ լիկ»-ի թեկնածուներու մասին սկսած են խօսիլ:

«Կոլ» կայքը այժմէն իսկ գլխաւոր թեկնածու կը նկատէ Ֆրանսայի Փարիզ Սեն Ժերմենը:

Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ վերջին երկու տարիներուն կրցած էր շահիլ իր պատմութեան առաջին 2 «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսները, այս տարի որքանո՞վ կրնայ կրկնել նոյն յաջողութիւնը, օրերը կը փաստեն միայն:

Տարիներէ ի վեր Փարիզ Սեն Ժերմեն հսկայական գումարներ կը «ծախսէր» ամէն գնով տիտղոսին տիրանալու, բայց վերջին 2 տարիներուն փոխած էր իր քաղաքականութիւնը եւ երիտասարդ խումբ մը պատրաստելով կրցած էր յաջողութիւններու հասնիլ:

Աւելի՛ն այս ամրան Փարիզ Սեն Ժերմեն ոչ միայն յաւելեալ նիւթական ծախսեր չըրաւ, այլ մրցանիշ հաստատեց 400,4 միլիոն եւրոյի շահ ապահովելով: Ոչ մէկ ակումբ հասած էր այս թիւին:

Եթէ թիւերը լաւ ձեւով ուսումնասիրենք, վերջին 5 տարիներուն ամառնային փոխանցումներու պահուն Փարիզ Սեն Ժերմեն 3-րդ դիրքը կը գրաւէ Եւրոպայի մէջ` մարզիկներու փոխանցումներով իր ապահոված շահերուն առումով:

Չելսին 1,15 միլիառ եւրօ կրցած է շահիլ` գրաւելով առաջին դիրքը, մինչ Մանչեսթըր Սիթի 845 միլիոն եւրօ շահած է: Փարիզ Սեն Ժերմեն 815 միլիոն եւրօ շահած է:

Ինչ կը վերաբերի այս տարեշրջանի թեկնածուներուն, Սպանիոյ Պարսելոնա ակումբը կը գրաւէ թեկնածուներու 2-րդ դիրքը, մինչ Գերմանիոյ Պայերն Միւնիխը կը գրաւէ 3-րդ դիրքը:

Անցեալ տարուան փոխախոյեան Արսենալ 4-րդ դիրքը կը գրաւէ` իր ետին ձգելով Ռէալ Մատրիտը, Մանչեսթըր Սիթին, Աթլեթիքօ Մատրիտը, Լիվըրփուլը, Ինթեր Միլանն ու Մանչեսթըր Եունայթըտը (10):

 

Leave a Comment