Էլենա Ռիպաքինա, որ յառաջիկայ շաբաթ պիտի բարձրանայ աղջկանց թենիսի դասաւորման պարագլուխի դիրքը, երէկ առաւօտեան ժամերուն կրցաւ դուրս ձգել ամերիկացի Քոքօ Կաֆը` 3-6, 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով:
Սեթ մը կորսնցնելէ ետք, Ռիպաքինա 4-1 արդիւնքով յառաջացաւ 2-րդ սեթին, բայց Կաֆ համակիրներուն քաջալերանքէն օգտուելով կրցաւ հաւասարիլ 4-4: Ղազախստանի մարզիկ Ռիպաքինա բուռն պայքար մղելէ ետք յաղթեց 2-րդ եւ 3-րդ սեթերը (6-4) եւ հասաւ աւարտական:
Այժմու թիւ 1 թենիսվումըն Արինա Սապալենքա, որ 99 յաջորդական շաբաթներ առաջին դիրքին վրայ մնալէ ետք իր տեղը պիտի զիջի Ռիպաքինային, աւելի հանգիստ ձեւով խաղցաւ այլ ամերիկացի մը` Ճեսիքա Փեկուլայի դէմ:
Սապալենքա, որ խոստովանեցաւ, որ Ռոլան Կարոսի եւ Ուիմպըլտընի ձախող ելոյթներուն պատճառով էր, որ պիտի կորսնցնէ թիւ 1 դիրքը, պիտի փորձէ 3-րդ յաջորդական տարին ըլլալով յաղթել «Եու. Էս. Օփըն»-ին:
Ֆլաշինկ Մետոզի մէջ վերջին անգամ Սերենա Ուիլիամս կրցած էր 3 յաջորդական տարիներ յաղթել (2012-էն 2014):
Սապալենքա 7-5 եւ 6-2 արդիւնքով յաղթեց Փեկուլային եւ պիտի փորձէ աւարտականին յաղթել Ռիպաքինային, որ ինչ որ ըլլայ մրցումին արդիւնքը թիւ 1 պիտի դառնայ:
Տարուան առաջին կրան շլեմի աւարտականին, Ռիպաքինա պարտութեան մատնած էր Սապալենքան Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքին: