ՀՄԸՄ Լիբանան Պաշտօնապէս Յայտարարեց Լիբանանի Մէջ «Նաւասարդեան» Մարզախաղերու Մեկնարկը

Շաբաթ օր ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ կազմակերպեց մամլոյ ասուլիս մը` պաշտօնապէս յայտարարելու Լիբանանի մէջ «Նաւասարդեան» մարզախաղերու մեկնարկը: Ասուլիսին ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութենէն ներկայացուցիչ մը, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախկին անդամներ, Ողիմպիական կոմիտէի անդամ, լիբանանեան տարբեր մարզական ֆետերասիոններու նախագահ եւ անդամներ, քոյր միութիւններու եւ … Read more

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ` Պէյրութի Ախոյեան

Շաբաթ օր Ահտի դաշտին վրայ բաւական հետաքրքրական մրցումէ մը ետք, ՀՄԸՄ Պէյրութի ֆութպոլի խումբը 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Անդրանիկին դարձաւ Պէյրութի շրջանի ախոյեան: 2-րդ վայրկեանին ՀՄԸՄ-ի պաշտպանողական գիծի աններելի սխալէն օգտուելէ ետք Անդրանիկ նշանակեց իր կոլը: ՀՄԸՄ շուտով ինքզինք գտաւ եւ մեծ թիւով առիթներ կորսնցուց մաս մը վերջին փոխանցումին ճշգրտութեան պատճառով կամ ալ վերջին որոշումը … Read more

«Էմ. Էմ. Էյ.» Ռաֆիկ Ալեքսանեան` Պատանիներու Աշխարհի Ախոյեան

Ապու Տապիի մէջ տեղի ունեցող «Էմ. Էմ. Էյ.»-ի աշխարհի պատանիներու ախոյեանութեան մրցումներուն, հայ մարզիկ Ռաֆիկ Ալեքսանեան ոսկի մետալ նուաճեց մինչեւ 65,8 քկ կշիռի մրցումներուն: Տիտղոսի ճանապարհին վրայ, Ալեքսանեան վեց յաղթանակներ արձանագրեց: Խմբային փուլի ընթացքին, ան ժամանակէն առաջ կրցած էր յաղթել իր երեք մենամարտներուն` Մեքսիքայի, Ղազախստանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ներկայացուցիչներուն դէմ: Երեք մենամարտներն ալ «սապմիշըն»-ով … Read more

Բռնցքամարտ. Վալերի Յովհաննիսեան` Ախոյեան – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Հայ բռնցքամարտիկները յաջող ելոյթներ ունեցան «Ար. Սի. Սի. Պոքսինկ» մրցաշարքի կազմակերպած երեկոյին: Երեկոյի գլխաւոր իրադարձութիւններէն էին Վալերի Յովհաննիսեանի ախոյեանութիւնը ձեռք ձգելը եւ գերծանր կշիռին մէջ Վարդան Յարութիւնեանի յաջողութիւնը: Վալերի Յովհաննիսեան իր 11-րդ մենամարտին 11-րդ յաղթանակը արձանագրեց` պարտութեան մատնելէ ետք իր թուրք մրցակից Էկէ Արին Քոնուքը (15-2)` նուաճելով «Ի. Պի. Փի.» ախոյեանի գօտին գերթեթեւ կշիռի կարգին … Read more

Ծանրաբարձութիւն. Արթուր Պետրոսեան Արծաթէ Մետալ Շահեցաւ

Հայ ծանրաբարձ Արթուր Պետրոսեան, որ հանդէս կու գար մինչեւ 60 քկ կշիռի մրցումներուն, արծաթէ մետալ նուաճեց Քոսովոյի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար ախոյեանութեան: Պետրոսեան արաշէի եւ էփոլէ-ժըթէի վարժութիւններուն ալ երկրորդ դիրքը գրաւած է եւ երկամարտի 241 քկ կշիռի արդիւնքով դարձած է Եւրոպայի փոխախոյեան: Ոսկի մետալ նուաճեց Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Պութուզով, որ 246 քկ կշիռի … Read more

Մարմնամարզութիւն. Արթուր Աւետիսեան` Եւրոպայի Ախոյեան. Համլեթ Մանուկեան Արծաթ Եւ Մամիկոն Խաչատրեան Պրոնզ Մետալակիրներ

Հայաստանցի մարմնամարզիկ Արթուր Աւետիսեան Զաղրեպի մէջ (Խրուաթիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութեան օղակներու մրցումներուն 14.400 կէտ վաստկելէ ետք դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան: Ան յաւելեալ ցուցանիշներով շրջանցեց Իլիա Զայքան, որ իր կարգին 14.400 կէտ վաստկած էր, մինչ Ողիմպիականի խաղերու ախոյեան յոյն Էլեֆթերիոս Փեթրունիաս գրաւեց 3-րդ դիրքը: Արթուր Դաւթեան, որ առաջին հանգրուանին առաջին դիրքը գրաւած էր բարձրագոյն ցուցանիշները … Read more

Եւրոպական Ֆութպոլ. Արսենալ Յաղթեց, Մանչեսթըր Եունայթըտ Պարտուեցաւ. Պայերն Միւնիխ` Գերբաժակակիր. Ռէալ Մատրիտ Եւ Ինթեր Յաղթանակներով Սկսան

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի նոր տարեշրջանը սկսաւ, եւ ախոյեան Արսենալ 3-0 արդիւնքով յաղթանակով սկսաւ Ֆրանք Լամփարտի մարզած Քովենթրիին դէմ: Հավերթց, Սաքա եւ Օտեկարտ նշանակեցին Արսենալի երեք կոլերը խումբի մը դէմ, որ նոր բարձրացած էր «Փրեմիեր լիկ»: Պարագան նոյնը չէր Մանչեսթըր Եունայթըտի համար, որ կը մրցէր Հալ Սիթիի դաշտին վրայ, որ իր կարգին նոր բարձրացած էր «Փրեմիեր … Read more

Ռաֆիկ Ալեքսանյանը՝ աշխարհի չեմպիոն | Yerevan Today

22 Օգոստոսի, 2026 Աբու Դաբիում ընթացող 2026 թվականի խառը մենամարտերի (MMA) պատանիների աշխարհի առաջնությունում Հայաստանի հավաքականի կազմում հանդես եկող Ռաֆիկ Ալեքսանյանը ավագ տարիքի պատանիների 65.8 կգ քաշային կարգում փայլուն ելույթ է ունեցել։ Ֆեդերացիայից հայտնում են, որ Ռաֆիկը հաղթել է 6 մենամարտ և հռչակվել 2026 թվականի պատանիների աշխարհի չեմպիոն։

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Անդրանիկ

Այսօր ժամը 16:00-ին, Ահտի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց խումբը, Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի Պէյրութի շրջանի աւարտական մրցումին պիտի ճակատի Անդրանիկի դէմ: «Հայկական տերպի»-ի այս աւարտականը շատ կարեւոր է ՀՄԸՄ-ի համար, որ ամէն գնով կը փորձէ բարձրանալ Գ. դասակարգ: Անցեալ ամիս սկսած Պէյրութի ախոյեանութեան իր խմբակի երեք մրցումներուն յաղթելէ ետք (4-0, 9-1, եւ 2-0 արդիւնքով … Read more

Մարմնամարզութիւն. Հայաստանէն 5 Ներկայացուցիչներ Հասան Աւարտական

Խրուաթիոյ մայրաքաղաք Զաղրեպի մէջ տեղի կ՛ունենայ Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութիւնը: Հայաստանը ներկայացնող 5 մարզիկներ հասան աւարտական հանգրուան, որ տեղի կ՛ունենայ այս շաբաթավերջին: Յակոբ Սերոբեանի գլխաւորած հաւաքականէն մետալներու համար կը պայքարին Արթուր Դաւթեան, Մամիկոն Խաչատրեան, Համլեթ Մանուկեան, Արթուր Աւետիսեան եւ Վահագն Դաւթեան: Ողիմպիականի փոխախոյեան Արթուր Դաւթեան յենացատկի զտումի մրցումներուն ամէնէն բարձր նիշերը ձեռք ձգեց եւ առաջին դիրքը … Read more