Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ կարեւոր քայլեր ձեռնարկուած են` իբրեւ օրինակ յիշելով քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու հանդիպումները, ինչպէս նաեւ հանդիպումները պաշտօնատարներու միջեւ:
ԱՓԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, Պայրամով կրկին շեշտեց, որ Ուաշինկթընի մէջ ընդունուած միացեալ հռչակագիրին մէջ նաեւ նշուած է, որ այս գործընթացի աւարտին համար Հայաստան նոր Սահմանադրութիւն պէտք է ընդունի: «Անոր ժամկէտները Հայաստանի ներքին գործն են: Ընտրութիւններէն ետք Հայաստանի վարչապետը եւս նոր յայտարարութիւն կատարեց, որ Սահմանադրութեան բնագիրը հանրութեան պիտի ներկայացուի տարեվերջին», ըսաւ ան:
Պայրամով շեշտեց, որ ազրպէյճանական կողմը կը հետեւի գործընթացին, իսկ պաշտօնական Պաքուի դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ:
Ան նաեւ տեղեկացուց, որ մօտիկ ապագային հանդիպում պիտի ունենայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ` նշելով, որ վերջին անգամ Արարատ Միրզոյեանին հետ շարք մը հարցերու շուրջ միտքեր փոխանակած է Պիշքեքի մէջ, այս ամսուան սկիզբը:
Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու յառաջիկայ հանդիպման շուրջ պայմանաւորուածութեան մասին հաստատեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեանը` առանց մանրամասնութիւն տալու հանդիպման վայրին ու թուականին մասին:
Ճ. Պայրամով նաեւ խօսեցաւ սահմանագծման մասին` նշելով, որ երկու երկիրները պայմանաւորուած են պետական սահմանի սահմանազատում իրականացնել հիւսիսէն հարաւ` սկսելով Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Վրաստանի սահմաններու հատման կէտէն: Ըստ անոր, այս կամ այն բնակավայրին վերաբերող հարցերը պիտի քննարկուին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանազատման յանձնախումբի աշխատանքի ծիրին մէջ:
Անդրադառնալով «Թրամփի ուղի»-ին` ան դիտել տուաւ, որ այս ծրագիրին մէջ ներգրաւուած են տարբեր կողմեր, իսկ հիմնական բանակցութիւնները տեղի կ՛ունենան Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ: Պայրամով ըսաւ, որ ամերիկացի գործընկերները պարբերաբար այս մասին տեղեակ կը պահեն ազրպէյճանական կողմը. «Ասիկա լիովին բնական է, որովհետեւ առանց Ազրպէյճանի մասնակցութեան անկարելի է այս նախագիծի իրականացումը: Մեզի կը յայտնեն, որ աշխատանքները կը շարունակուին: Ֆիզիքական աշխատանքներու մեկնարկը տեղափոխուած է 2027: Մենք կը կարծենք, թէ որքան շուտ իրականացուի այս նախագիծը, այնքան լաւ: Անիկա օգուտ պիտի բերէ ոչ միայն Ազրպէյճանին, այլ նաեւ Հայաստանին, ինչպէս նաեւ շրջանի պետութիւններուն», նշեց նախարարը: