«Հայաստան» Դաշինքը Կը Դատապարտէ Գագիկ Ծառուկեանի Ձերբակալութիւնը

«Հայաստան» դաշինքը դատապարտում է բացայայտ քաղաքական հաշուեյարդարի շրջանակներում «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի ձերբակալութիւնը, ինչպէս նաեւ վերջինիս ընտանիքի անդամներին պատկանող ձեռնարկութիւններում այսօր իրականացուած գործողութիւնները: Փաստում ենք. Ուժային կառոյցները քաղաքական մահակի վերածելու եւ ընդդիմախօսներին ճնշելու գործող վարչախմբի գործելաոճը դուրս է իրաւական որեւէ տրամաբանութիւնից եւ արտացոլում է իշխող վարչախմբի վախերը: Սեփականութեան իրաւունքի ոտնահարումն ու տնտեսական ահաբեկչութիւնը … Read more

Միշուսթին. «Կ՛ակնկալենք, Որ Ընտրութիւններուն Հիմամբ Ձեւաւորուած Նոր Կառավարութիւնը Պիտի Ապահովէ Ռուս-Հայկական Յարաբերութիւններու Զարգացումը»

Կ՛ակնկալենք, որ ընտրութիւններուն հիմամբ ձեւաւորուած նոր կառավարութիւնը պիտի ապահովէ ռուս-հայկական յարաբերութիւններու յառաջընթաց զարգացումը: Այս մասին Եքաթերինպուրկի մէջ ընթացող «Իննոփրոմ» միջազգային արդիւնաբերական ցուցահանդէսի ծիրին մէջ Ռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին: Ռուսիոյ կառավարութեան ղեկավարը, ողջունելով Փաշինեանը, ընդգծած է, որ ասիկա Հայաստանի մէջ 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք վերջինիս արտասահման առաջին այցելութիւնն … Read more

Ուրալօղլու. «Կարսէն Մինչեւ Նախիջեւանի Սահման Կառուցուող Երկաթուղին Պիտի Նպաստէ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Կապերու Ամրապնդման»

Կարսէն մինչեւ Նախիջեւանի սահման կառուցուող երկաթուղին պիտի նպաստէ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կապերու ամրապնդման: «Ազերթաք» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու: Ան երկաթուղիի կառուցումը կոչած է «Թուրքիոյ համար պետական առաջնահերթութիւն»: Ուրալօղլու ընդգծած է, որ փոխադրամիջոցային նախագիծերը պարզապէս երկրի ենթակառոյցներուն մէջ ներդրումներ չեն, այլ ռազմավարական քայլեր, որոնք կը խթանեն … Read more

Ալեքպերլի. « Արեւմտեան Ազրպէյճանցիներու Վերադարձի Հարցը Պէտք Է Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Հոլովոյթին Մէջ Քննարկումներու Մաս Դառնայ»

«Արեւմտեան ազրպէյճանցիներու` իրենց հայրենի բնակավայրեր վերադարձի հարցը պէտք է դառնայ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան հոլովոյթի ծիրին մէջ քննարկուող նիւթերէն մէկը», «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին Պաքուի մէջ յայտարարած է Արեւմտեան Ազրպէյճանի համայնք»-ի նախագահ Ազիզ Ալեքպերլի` «Վերադարձ Արեւմտեան Ազրպէյճան. պատմական արդարութեան եւ մարդու իրաւունքներու վերականգնում» խորագիրով ձեռնարկի ընթացքին: «Առանց այդ իրաւունքի վերականգնման … Read more

Սահմանադրական Դատարանը Մերժեց Ընտրութիւններու Արդիւնքները Անվաւեր Նկատելու Դիմումները` Ուժի Մէջ Պահելով Կեդրոնական Ընտրական Յանձնախումբի Որոշումը

Սահմանադրական դատարանը շաբաթ օր մերժեց ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկող քաղաքական 7 ուժերու դիմումները եւ ուժի մէջ պահեց 7 յունիսի ընտրութիւններուն վերաբերեալ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի որոշումը: 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները Սահմանադրական դատարանին մէջ կը վիճարկէին քաղաքական 7 ուժեր, որոնց կարգին` խորհրդարան անցած «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» դաշինքներն ու քանի մը տասնեակ ձայնով խորհրդարանէն դուրս մնացած «Բարգաւաճ … Read more

Քաղաքական Ուժերու Միացեալ Յայտարարութիւն – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Այսօր Սահմանադրական դատարանը հրապարակեց անցած խորհրդարանական ընտրութիւնների արդիւնքները վիճարկող հայցերի վերաբերեալ որոշումը: Սահմանադրական դատարանի այս որոշումը` . չի լուծում ձեւաւորուող իշխանութեան օրինականութեան հարցը. նման պայմաններում ու արձանագրուած արդիւնքներով ձեւաւորուած իշխանութիւնը զուրկ է օրինականութիւնից, . չի սրբագրում ընտրական կեղծիքներն ու չի վերացնում զանգուածային ընտրախախտումները եւ չի լուծում երկրում առկայ խորքային քաղաքական ու իրաւական ճգնաժամը: Ընդհակառակը, վերջին … Read more

Այսօր Փաշինեան-Միշուսթին Բանակցութիւններ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Հայաստանի եւ Ռուսիոյ վարչապետներ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Միխայիլ Միշուսթինի հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ այսօր Եքաթերինպուրկի մէջ: Այս մասին հաղորդեց Ռուսիոյ կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը: Կը նշուի, որ 6 յուլիսին երկու երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարները պիտի մասնակցին Ռուսիոյ Սվերտլիովսքի մարզի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունենալիք «Իննոփրոմ» 16-րդ միջազգային արդիւնաբերական ցուցահանդէսին: Եքաթերինպուրկ այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Փաշինեանի … Read more

Կէատի. «Հայաստանի Մէջ Չեն Հասկնար, Որ Ազրպէյճանն Ու Թուրքիան Կը Ձգտին Զայն Երկրի Երեսէն Ջնջել»

Կիպրոսէն Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Կէատիս Կէատի «Ալֆա Նիուզ-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարեց, թէ համաձայն չէ այն մօտեցումին, որ փաստօրէն կ՛ենթադրէ Հայաստանի մէջ ռուսական ազդեցութեան փոխարինումը թրքականով: «Ես պարբերաբար կ՛այցելեմ Հայաստան եւ կը տեսնեմ, որ այսօր հոն կը գերակշռէ բացարձակ չէզոք քաղաքականութիւն վարելու եւ Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի հետ համագործակցութիւն զարգացնելու ձգտումը` չհասկնալով, որ այդ երկիրները … Read more

Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի Ապօրինաբար Պահուող Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Կեղծ Դատավարութիւնը

Պաքուի վերաքննիչ դատարանին մէջ քննուած են ապօրինաբար պահուող հայ գերիներու, որոնց շարքին` Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներու վերաքննիչ բողոքները: Արցախի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի անունով դատարանին ներկայացուած են գործի դատական արձանագրութիւններուն վերաբերեալ դիտողութիւններ, որոնք կցուած են գործի նիւթերուն: Դատարանին մէջ ելոյթ ունեցած է նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանի փաստաբանը` նշելով, … Read more

Փաշինեան Հանդիպում Ունեցաւ Փեզեշքիանի Հետ Եւ Մասնակցեցաւ Խամենէիի Հրաժեշտի Արարողութեան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի հետ: Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան լրատուականին համաձայն, Փաշինեան անգամ մը եւս իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Իսլամական Հանրապետութեան գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիի մահուան առիթով` ընդգծելով, որ Հայաստան կը կիսէ Իրանի ժողովուրդին վիշտը: Փեզեշքիան շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Փաշինեանին Խամենէիի հրաժեշտի պաշտօնական արարողութեան մասնակցելու նպատակով Թեհրան այցելելու համար: … Read more