Փաշինեան Հանդիպում Ունեցաւ Փեզեշքիանի Հետ Եւ Մասնակցեցաւ Խամենէիի Հրաժեշտի Արարողութեան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցաւ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի հետ:

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան լրատուականին համաձայն, Փաշինեան անգամ մը եւս իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Իսլամական Հանրապետութեան գերագոյն հոգեւոր պետ Ալի Խամենէիի մահուան առիթով` ընդգծելով, որ Հայաստան կը կիսէ Իրանի ժողովուրդին վիշտը:

Փեզեշքիան շնորհակալութիւն յայտնեց վարչապետ Փաշինեանին Խամենէիի հրաժեշտի պաշտօնական արարողութեան մասնակցելու նպատակով Թեհրան այցելելու համար: Ան նշեց, որ իր երկիրը բարձր կը գնահատէ դժուարին իրավիճակի մէջ Իրանի նկատմամբ Հայաստանի կառավարութեան որդեգրած դիրքորոշումը եւ ցուցաբերած մարդասիրական աջակցութիւնը:

Կողմերը միտքեր փոխանակեցին նաեւ շրջանային նշանակութեան հարցերու շուրջ` կարեւոր նկատելով խաղաղութեան, կայունութեան եւ շրջանային համագործակցութեան ամրապնդման ուղղուած հետեւողական քայլերու իրականացումը, նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Իրանական ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան համաձայն, Փեզեշքիան ընդգծեց երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները «արտաքին միջամտութենէ պաշտպանելու» անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ Թեհրանի եւ Երեւանի միջեւ բարեկամական կապերը պէտք է զարգանան փոխադարձ կամքի հիման վրայ` «արտաքին դերակատարներէն անկախ»:

Իրանական կողմը կը հաղորդէ նաեւ, որ Փաշինեան վերահաստատեց երկու երկիրներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները` ընդգծելով, որ Հայաստան հետեւողական է, որ իր գործողութիւնները երբեք չվտանգեն Իրանի շահերը:

Հայաստանի վարչապետը երէկ Թեհրանի Մոսալլա մզկիթին մէջ մասնակցեցաւ Իրանի հանգուցեալ գերագոյն հոգեւոր պետի հրաժեշտի պաշտօնական արարողութեան:

Փաշինեան ցաւակցութիւն յայտնեց Իրանի նախագահին եւ փոխնախագահին, այաթոլլա Ալի Խամենէիի ընտանիքի անդամներուն:

Հրաժեշտի արարողութեան ընթացքին Փաշինեան յարգանքի տուրք մատուցեց այաթոլլա Ալի Խամենէիի յիշատակին եւ գրառում կատարեց սուգի մատեանին մէջ:

 

 

Leave a Comment