Հայաստանի եւ Ռուսիոյ վարչապետներ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Միխայիլ Միշուսթինի հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ այսօր Եքաթերինպուրկի մէջ: Այս մասին հաղորդեց Ռուսիոյ կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը:
Կը նշուի, որ 6 յուլիսին երկու երկիրներու կառավարութիւններու ղեկավարները պիտի մասնակցին Ռուսիոյ Սվերտլիովսքի մարզի մայրաքաղաքին մէջ տեղի ունենալիք «Իննոփրոմ» 16-րդ միջազգային արդիւնաբերական ցուցահանդէսին:
Եքաթերինպուրկ այցելութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք Փաշինեանի առաջին այցելութիւնը պիտի ըլլայ Ռուսիոյ:
Յիշեցնենք, որ յուլիսին Փաշինեան եւ Միշուսթին հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկած էին առեւտրատնտեսական, գիտական-ճարտարագիտական եւ մշակութային-մարդասիրական ոլորտներուն մէջ ռուս-հայկական գործակցութեան արդիական հարցեր:
«Իննոփրոմ» միջազգային ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Եքաթերինպուրկի մէջ, 6-9 յուլիսին: