Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի Ապօրինաբար Պահուող Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Կեղծ Դատավարութիւնը

Պաքուի վերաքննիչ դատարանին մէջ քննուած են ապօրինաբար պահուող հայ գերիներու, որոնց շարքին` Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներու վերաքննիչ բողոքները:

Արցախի Ազգային ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանի անունով դատարանին ներկայացուած են գործի դատական արձանագրութիւններուն վերաբերեալ դիտողութիւններ, որոնք կցուած են գործի նիւթերուն:

Դատարանին մէջ ելոյթ ունեցած է նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանի փաստաբանը` նշելով, որ իր պաշտպանեալին ներկայացուցած վերաքննիչ բողոքը ամբողջութեամբ հիմնաւորուած է:

Յաջորդ «դատական նիստը» նշանակուած է 7 յուլիսին:

 

 

Leave a Comment