Ուրալօղլու. «Կարսէն Մինչեւ Նախիջեւանի Սահման Կառուցուող Երկաթուղին Պիտի Նպաստէ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Կապերու Ամրապնդման»

Կարսէն մինչեւ Նախիջեւանի սահման կառուցուող երկաթուղին պիտի նպաստէ Թուրքիոյ, Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կապերու ամրապնդման: «Ազերթաք» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու նախարար Ապտուլքատիր Ուրալօղլու:

Ան երկաթուղիի կառուցումը կոչած է «Թուրքիոյ համար պետական առաջնահերթութիւն»:

Ուրալօղլու ընդգծած է, որ փոխադրամիջոցային նախագիծերը պարզապէս երկրի ենթակառոյցներուն մէջ ներդրումներ չեն, այլ ռազմավարական քայլեր, որոնք կը խթանեն արտադրութիւնը, արտածումը, զբաղուածութիւնը, շրջանային զարգացումը եւ միջազգային համագործակցութիւնը:

«Միայն վեջին 24 տարիներու ընթացքին Թուրքիոյ փոխադրամիջոցային ոլորտի եւ ենթակառոյցներուն մէջ ներդրումները հասած են 355 միլիառ տոլարի», նշած է թուրք նախարարը:

 

 

Leave a Comment