Սահմանադրական դատարանը շաբաթ օր մերժեց ընտրութիւններու արդիւնքները վիճարկող քաղաքական 7 ուժերու դիմումները եւ ուժի մէջ պահեց 7 յունիսի ընտրութիւններուն վերաբերեալ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի որոշումը:
7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններուն արդիւնքները Սահմանադրական դատարանին մէջ կը վիճարկէին քաղաքական 7 ուժեր, որոնց կարգին` խորհրդարան անցած «Ուժեղ Հայաստան» եւ «Հայաստան» դաշինքներն ու քանի մը տասնեակ ձայնով խորհրդարանէն դուրս մնացած «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը:
Որոշումի հրապարակումէն ետք «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ներկայացուցիչ Արամ Օրբելեան լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին նշեց. «Սահմանադրական դատարանը ունէր պատմական կարելիութիւն անվաւեր նկատելու ընտրութիւններու արդիւնքները: Մենք ունէինք իւրայատուկ իրավիճակ մը, երբ լիազօրագիրները ստանալ կամ չստանալու հանգամանքը կախուած եղած է բացառապէս Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին կողմէ ընդունուած որոշումով: Ակնյայտ է, որ դատական նիստի շրջանակին մէջ ներկայացուած ապացոյցներու նիւթերու ուսումնասիրութեամբ միանշանակ էր, որ առնուազն «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը պէտք է ստանար լիազօրագիրներ: Սա այն դէպքն էր, որ բոլորը տեսան, ցաւօք սրտի, որ Սահմանադրական դատարանը մասնակից եղաւ կամ առնուազն չկանգնեցուց ձայնագողութիւնը: Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը զրկեց Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները ունենալ իրական խորհրդարանական համակարգ, ուր իշխող ուժը պարտաւոր պիտի ըլլար փոխադարձ համաձայնութեան երթալ, փորձել, բանակցիլ, քննարկել ընդդիմադիր ուժերու հետ շարք մը որոշումներ»:
«Ուժեղ Հայաստան» դաշինքի ներկայացուցիչ Արամ Վարդեւանեան ըսաւ. «Սահմանադրութեան օրուան ընդառաջ արձանագրուեցաւ, որ Հայաստանի մէջ կայ՛ Սահմանադրութիւն, կայ Սահմանադրական դատարան, բայց չկայ սահմանադրականութիւն, չկայ սահմանադրական արդարադատութիւն: Սահմանադրական արդարադատութեան համար առաջնայինը, ի հարկէ, Սահմանադրական դատարանի կազմի օրինականութեան խնդիրն էր, որ, ցաւօք, չյաղթահարուեցաւ»:
Այսպիսով` 9-րդ գումարման Ազգային ժողովին մէջ ներկայացուած պիտի ըլլան «Քաղաքացիական պայմանագիրը»` 64 աթոռով, «Ուժեղ Հայաստանը»` 29 աթոռով եւ «Հայաստան» դաշինքը` 12 աթոռով: