Կ՛ակնկալենք, որ ընտրութիւններուն հիմամբ ձեւաւորուած նոր կառավարութիւնը պիտի ապահովէ ռուս-հայկական յարաբերութիւններու յառաջընթաց զարգացումը: Այս մասին Եքաթերինպուրկի մէջ ընթացող «Իննոփրոմ» միջազգային արդիւնաբերական ցուցահանդէսի ծիրին մէջ Ռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին ըսած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:
Ռուսիոյ կառավարութեան ղեկավարը, ողջունելով Փաշինեանը, ընդգծած է, որ ասիկա Հայաստանի մէջ 7 յունիսի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք վերջինիս արտասահման առաջին այցելութիւնն է:
«Կ՛ակնկալենք, որ ընտրութիւններուն հիմամբ ձեւաւորուած նոր կառավարութիւնը պիտի ապահովէ ռուս-հայկական յարաբերութիւններու յառաջընթաց զարգացումը` բարեկամութեան, բարի դրացնութեան, եւ փոխադարձ յարգանքի ոգիով: Հակառակ համաշխարհային տնտեսութեան խառնակ վիճակին` Ռուսիան Հայաստանի արտաքին առեւտրական գործընկերներու եւ ներդրողներու շարքին մէջ առաջին դիրքը կը գրաւէ», նշած է Միշուսթին` աւելցնելով, որ ռուսական ընկերութիւնները գործօն կերպով ներգրաւուած են Հայաստանի հանքարդիւնաբերութեան, ուժանիւթի, մեքենաշինութեան եւ թուային տնտեսութեան ոլորտներուն մէջ:
Ռուսիոյ վարչապետը կարեւոր նկատած է ռուս ներդրողներու համար յարմարաւէտ դրութեան պահպանումը եւ անոնց իրաւունքներու պաշտպանութիւնը:
Փաշինեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է հրաւէրին համար` «Իննոփրոմ» ցուցահանդէսը կոչելով համագործակցութեան հարթակ:
«Այս հանդիպումը շատ լաւ առիթ է մեր յարաբերութիւններու օրակարգի ամբողջ շրջանակը քննարկելու եւ, ինչպէս կ՛ըսեն, ժամացոյցները ճշգրտելու համար: Վերջին ժամանակներս որոշ խնդրայարոյց հարցեր ի յայտ եկած են, յոյսով եմ` պիտի քննարկենք եւ զանոնք պիտի լուծենք», ըսած է Փաշինեան:
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը վերահաստատած է Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ համագործակցութեան կարեւորութիւնը:
«Ընտրութիւններէն առաջ եւ ընտրութիւններէն ետք տրամադրուած ենք Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման. անշուշտ, շահագրգռուած ենք ԵԱՏՄ-ին մեր անդամակցութեամբ», ըսած է ան:
«Մենք տրամադրուած ենք կառուցողական` քննարկելու եւ պարզաբանելու բոլոր հարցերն ու նրբութիւնները: Յոյսով եմ, որ այսօրուան բանակցութիւններուն հիմամբ պիտի յաջողինք լուծել որոշակի հարցեր», եզրափակած է Նիկոլ Փաշինեան:
Հանդիպումի ընթացքին կողմերը քննարկած են նաեւ երկկողմանի առեւտրատնտեսական, գիտական-ճարտարագիտական եւ մարդասիրական ոլորտներու մէջ համագործակցութեան վերաբերող ընդարձակ հարցեր: