ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Յունիսի 7-ին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւնները մեր նորօրեայ պատմութեան մէջ կը մնան իբրեւ աննախընթաց պետական ահաբեկչութեան պայմաններու մէջ տեղի ունեցած ընտրութիւններ: Իշխող վարչախումբը ընտրական գործընթացի ամբողջ ընթացքին գործեց առանց միջոցներու մէջ խտրութիւն դնելու: Լայնօրէն կիրարկուեցան ամբողջ վարչական միջոցները` պետական եւ համայնքային լծակներու օգտագործումով: Գործի դրուած քարոզչական, վարչական ամբողջ զինանոցը միտուած էր ամէն ձեւով … Read more

Պաքուի Բանտերուն Մէջ Պահուող Հայերուն Հետ Կապ Ստեղծելու Առաքելութիւն

«Ազրպէյճանի մէջ ապօրինաբար պահուող հայ բանտարկեալներուն այցելելու նպատակով կիներու միջազգային մարդասիրական պատուիրակութեան` Պաքու այցելութեան նախապատրաստութեան ծիրին մէջ հրապարակային նամակներ յղած եմ միջազգային եւ պետական այն կառոյցներուն, որոնց մասնակցութենէն կրնայ կախեալ ըլլալ այցելութեան կազմակերպումն ու պատուիրակութեան անդամներուն ապահովութիւնը», յայտարարած է Պաքուի մէջ բանտարկուած Ռուբէն Վարդանեանի կինը` Վերոնիքա Զոնապենտ: Յայտարարութեան մէջ յատկապէս կը նշուի. «Նախաձեռնութեան նպատակը բացառապէս … Read more

Օժանդակութեան Բարձրագոյն Խորհուրդը Ստանձնեց Հայաստանի Կառավարութեան Կողմէ Տրամադրուած Մարդասիրական Օգնութիւնը

9 յուլիսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան որոշումով Լիբանանին տրամադրուած մարդասիրական օգնութեան յանձնման պաշտօնական արարողութիւնը, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ: Յանձնման պաշտօնական արարողութեան մասնակցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահան Կոստանեան, Լիբանանի կառավարութեանն առընթեր Օժանդակութեան բարձրագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար գնդապետ զօրավար Պասսամ Նապուլսի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան, Պուրճ … Read more

Պայրամով. «Կ՛ակնկալենք, Որ Ազրպէյճանի Նկատմամբ Տարածքային Պահանջները Պիտի Հեռացուին Հայաստանի Սահմանադրութենէն»

Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանք կը տարուի: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով: Նախարարը յայտնած է, որ այդ ուղղութեամբ ստեղծուած են յանձնախումբեր: «Այս աշխատանքը պարբերաբար կը շարունակուի: Մենք արդէն ականատես եղած ենք կատարուած աշխատանքի առաջին դրական արդիւնքներուն. սահմանազատուած է … Read more

Իրան ԹՐԻՓՓ-ի Շրջանակներուն Մէջ Իր Սահմաններուն Ամերիկացիներու Ներկայութեան Շուրջ Անհանգստութիւններ Ունի

«Հայ-իրանական յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերէն են ԹՐԻՓՓ նախագիծէն ի յայտ եկող վտանգներու կառավարումը եւ հաւանական մարտահրաւէրներու վերացումը», երէկ Երեւանի մէջ հրաւիրած ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Խալիլ Շիրղոլամի: «Իրանի անհանգստութիւնը իր սահմաններու դրացնութեամբ ամերիկացիներու ներկայութեան վերաբերեալ շատ օրինական եւ տրամաբանական է, եւ այդ անհանգստութիւններուն պէտք է յստակ պատասխաններ տրուին», յայտարարեց Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանը: … Read more

Գագիկ Ծառուկեան Երկու Ամիսով Կալանաւորուեցաւ

«Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան երէկ երկու ամիսով կալանաւորուեցաւ` առանձնապէս խոշոր չափերով խարդախութիւն եւ դրամի լուացում կատարելու մեղադրանքով: Ծառուկեանի փաստաբանները նշեցին, որ որոշումը պիտի բողոքարկեն: Խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւոր քննադատներէն Գագիկ Ծառուկեան ձերբակալուեցաւ նախանցեալ օր իր առանձնատան մէջ մօտ 12 ժամ տեւած խուզարկութենէ ետք, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան դիմակաւորուած աշխատակիցները … Read more

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Պահանջեց Ազատ Արձակել Հայ Գերիները Եւ Պատժամիջոցներ Հաստատել Պաքուի Դէմ

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Ծերակոյտի Յատկացումներու յանձնախումբին ներկայացուց վկայութիւն մը` կոչ ուղղելով 2027-ի ամավարկին մէջ նկատի առնելու այնպիսի դրոյթներ, որոնք կը պահանջեն Պաքուի կողմէ ապօրինի կերպով պահուող հայ գերիներուն անյապաղ ազատ արձակումը, Արցախէն բռնի տեղահանուած հայերու վերադարձի իրաւունքի ապահովումը, Հայաստանին ապահովական յաւելեալ աջակցութեան տրամադրումը եւ Պաքուի համար նկատի առնուած ամերիկեան ռազմական օժանդակութեան սահմանափակումը: Ամերիկայի Հայ … Read more

Ալիեւ. «Թրամփը Յատուկ Դեր Խաղցած Է Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Օրակարգը Յառաջ Մղելու Գործին Մէջ»

Տանըլտ Թրամփ յատուկ դեր խաղացած է Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան օրակարգը յառաջ մղելու գործին մէջ: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ այս մասին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամ, Եւրոպայի եւ շրջանային անվտանգութեան համագործակցութեան ենթայանձնախումբի նախագահ, ծերակուտական Սթիւ Տէյնսի հետ հանդիպումի ժամանակ ըսած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ: Ալիեւ յայտարարած է, որ Թրամփի հետ … Read more

Գագիկ Ծառուկեանը Ձերբակալուեցաւ – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Երէկ երեկոյեան «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ Գագիկ Ծառուկեանը ձերբակալուեցաւ եւ տեղափոխուեցաւ Քննչական կոմիտէ: Ամբողջ օրուան ընթացքին խուզարկութիւններ կատարուած էին Գագիկ Ծառուկեանին պատկանող կառոյցներուն մէջ: Ծաղկաձորի մէջ կապարակնքուեցան Գագիկ Ծառուկեանին պատկանող պանդոկները: Կապարակնքուեցաւ նաեւ Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի կեդրոնատեղին: Գագիկ Ծառուկեան ամբաստանուեցաւ խոշոր չափերով գումարներու լուացման եւ խարդախութեան յանցանքով:  

«Հայաստան» Դաշինքը Կը Դատապարտէ Գագիկ Ծառուկեանի Ձերբակալութիւնը

«Հայաստան» դաշինքը դատապարտում է բացայայտ քաղաքական հաշուեյարդարի շրջանակներում «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի ձերբակալութիւնը, ինչպէս նաեւ վերջինիս ընտանիքի անդամներին պատկանող ձեռնարկութիւններում այսօր իրականացուած գործողութիւնները: Փաստում ենք. Ուժային կառոյցները քաղաքական մահակի վերածելու եւ ընդդիմախօսներին ճնշելու գործող վարչախմբի գործելաոճը դուրս է իրաւական որեւէ տրամաբանութիւնից եւ արտացոլում է իշխող վարչախմբի վախերը: Սեփականութեան իրաւունքի ոտնահարումն ու տնտեսական ահաբեկչութիւնը … Read more