Կէատի. «Հայաստանի Մէջ Չեն Հասկնար, Որ Ազրպէյճանն Ու Թուրքիան Կը Ձգտին Զայն Երկրի Երեսէն Ջնջել»

Կիպրոսէն Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Կէատիս Կէատի «Ալֆա Նիուզ-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտարարեց, թէ համաձայն չէ այն մօտեցումին, որ փաստօրէն կ՛ենթադրէ Հայաստանի մէջ ռուսական ազդեցութեան փոխարինումը թրքականով:

«Ես պարբերաբար կ՛այցելեմ Հայաստան եւ կը տեսնեմ, որ այսօր հոն կը գերակշռէ բացարձակ չէզոք քաղաքականութիւն վարելու եւ Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի հետ համագործակցութիւն զարգացնելու ձգտումը` չհասկնալով, որ այդ երկիրները կը փափաքին Հայաստանը ջնջել երկրի երեսէն եւ ամբողջութեամբ փոխել աշխարհի քարտէսը: Նկատի ունենալով, որ մենք նոյնպէս եղած ենք թրքական քաղաքականութեան զոհ, կրնանք հասկնալ, թէ նման գործընթացները հետագային ինչի՛ կրնան յանգեցնել», ընդգծեց պատգամաւորը:

Պատասխանելով Ազրպէյճանի հետ յառաջ մղուող «խաղաղութեան» մասին հարցումին` ան դիտել տուաւ. «Կը կարծեմ, թէ խաղաղութիւնը պատրանք է, որովհետեւ Թուրքիան երկարաժամկէտ աշխարհաքաղաքական հայեացքներ ունեցող երկիր է: Գիտնալով անոր պատմութիւնը` ես տեսած եմ, թէ ի՛նչ են անոր պատկերացումները Հայաստանի, Միջին Արեւելքի եւ ընդհանուր առմամբ Արեւելեան Միջերկրականի վերաբերեալ: Եւ անոնք կ՛ուզեն երկրի երեսէն ջնջել բոլոր այն երկիրները, որոնք իրենց համար խնդիրներ ստեղծած են:

«Այնպէս որ, իմ տեսանկիւնէս, ես համաձայն չեմ եւ չեմ ընդունիր Հայաստանի նոր աշխարհաքաղաքական տեսլականը: Եւ ես կը կարծեմ, թէ անիկա պատճառ պիտի ըլլայ բազում խնդիրներու, ես այս գիծը վտանգաւոր կը նկատեմ: Փաշինեանը կը փորձէր Եւրոպան մղել որոշակի դիրքորոշման: Ան կ՛ըսէր, որ եթէ զայն չեն ընդունիր իբրեւ Թուրքիոյ դաշնակից, ապա անհրաժեշտ է «Թուրքիան ներքաշել Եւրոպա»:

Կէատիս Կէատին համաձայն, Հայաստան պէտք է շարժի Թուրքիոյ ընդմէջէն, որպէսզի ճամբայ ստանայ դէպի Եւրոպական Միութիւն: Այսպիսով, միակ երթուղին Թուրքիոյ ընդմէջէն է:

«Միւս կողմէ, գոյութիւն ունի զարգացման ռուսական տարբերակը: Այլ խօսքով` ան յառաջ կը մղէ, իմ կարծիքովս, այս աշխարհաքաղաքական գիծի հակառուսական տարբերակը: Եթէ խօսքը կը վերաբերի Հայաստանի` Եւրոպական Միութեան` հաւանական անդամակցութեան, ապա զայն կրնան ընդունիլ Եւրոպական Միութեան մէջ, նաեւ առանց Թուրքիոյ: Եւրոպայի անդամակցութիւնը չի նշանակեր, որ երկիրը պարտադրաբար պէտք է ցամաքային կապ ունենայ անոր հետ: Օրինակ` Կիպրոս չունի նման կապ, բայց Եւրոպական Միութեան անդամ է: Ուստի տարածքային «կապ»-ի անհրաժեշտութեան մասին պնդումը պարտադիր պայման չէ:

«Միեւնոյն ժամանակ, խօսքը նաեւ Թուրքիոյ մասին է, զոր, ինչպէս ես կը կարծեմ, անկարելի է ընդունիլ Եւրոպական Միութիւն, որովհետեւ ան երկիր մըն է, որ չի յարգեր միջազգային իրաւունքը, մարդու իրաւունքները եւ ծովային իրաւունքի կանոնները»:

 

Leave a Comment