Աուն. «Ժամանակն Է, Որ Պետութիւնը Հարաւ Վերադառնայ»
Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց ժողով մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի, որ նիստի սկիզբը նախարարներուն յայտնեց, որ երէկ հիմնաքարը դրուած է Պէյրութի նաւահանգիստի ընդլայնման, «եւ ասիկա բոլորին համար լաւ նախաձեռնութիւն մըն է, որուն նպաստեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրամիջոցներու նախարարը, եւ կը յուսանք, որ այս նոյն ծիրին մէջ անոր յաւելեալ քայլեր հետեւին»: «Ձեզմէ … Read more