Իզէտտին. «Լիբանանեան Իշխանութիւնը Մեղսակից Է Լիբանանի Մէջ Որեւէ Տեղ Թափուած Արիւնին»

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Իզէտտին յայտնեց. «Յստակ ոճիրները, որ իսրայէլացի թշնամին գործեց մեր ժողովուրդին դէմ Մանսուրիի, Զըպտինի, Քֆարթըպնիթի եւ մասնաւորաբար Քֆարրմանի մէջ, որոնց զոհերուն շարքին մանուկներ ու կիներ կան, պատասխանատուութիւնն է Լիբանանի իշխող քաղաքական իշխանութեան, որ ոչ իսկ խօսք մը ըսաւ տեղի ունեցողին առնչութեամբ, եւ մեղսակից կը նկատուի այս օրերուն թափուած այս արիւնին, ինչպէս նաեւ մեղսակից է արեան ամէն կաթիլի, որ կը թափուի Հարաւի, Հարաւային արուարձաններուն, Պեքայի կամ Լիբանանի մէջ որեւէ տեղ»:

«Լիբանանեան իշխանութիւնը վերատեսութեան ենթարկե՞ց իր կեցուածքը Լիբանանի կամ շրջանին մէջ քաղաքական կացութեան վերաբերեալ, մանաւանդ որ Լիբանան շրջանին մէջ կատարուածէն մեկուսացած չ՛ապրիր: Վերատեսութեան ենթարկե՞ց շրջանային պատկերի իր գնահատումը, մասնաւորաբար Ամերիկայի եւ Իրանի իսլամական հանրապետութեան միջեւ տեղի ունեցողին վերաբերեալ իր գնահատումը: Այս իշխանութիւնը դադրեցո՞ւց իսրայէլացի թշնամիին հետ իր ուղղակի բանակցութիւնները, որոնցմէ, սիոնական ոճիրներու շարունակման լոյսին տակ, ոչինչ դուրս եկաւ», հարց տուաւ երեփոխանը:

Ան շեշտեց, որ «շրջանին մէջ տեղի ունեցողին բոլոր հետեւանքներն ու արդիւնքները ազդեցութիւն պիտի ունենան Լիբանանի վրայ, մանաւանդ որ Իրանը Լիբանանը նկատի ունեցաւ իր բանակցութիւններուն մէջ եւ զայն առաջնահերթութիւն նկատեց իր նախկին կամ ապագայ բանակցութիւններուն մէջ: Ասիկա կը նշանակէ, որ Լիբանանը որեւէ նոր բանակցութիւններու առաջին կէտը պիտի ըլլայ, եւ այդ ատեն կրնանք Ամերիկայի եւ Իրանի միջեւ գոյանալիք փոխըմբռնումներուն ճամբով լուծումի մը հասնիլ»:

«Լիբանանի մէջ Իսլամական դիմադրութիւնն ու Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը կարող են միասնաբար հաստատել նոր հաւասարակշռութիւններ, որոնք իսրայէլացին կը վերադարձնեն 2023 թուականէն առաջուան իրավիճակին` ամերիկեան որոշումը գործադրելով լիբանանեան բոլոր հողերէն հեռանալու ստիպուելէն ետք: Ուստի պէտք է համբերենք: Յաղթանակը միայն մէկ ժամ համբերել կը պահանջէ», յայտնեց Իզէտտին:

 

Leave a Comment