Կութիերես Կոչ Ուղղեց` Թշնամական Արարքները Դադրեցնելու Եւ Իսրայէլեան Ուժերը Հեռացնելու

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես «խոր մտահոգութիւն» արտայայտեց` «հարաւային Լիբանանի, մասնաւորաբար Նապաթիէի եւ անոր մերձակայքին մէջ իսրայէլեան զինուորական գործողութիւններու մագլցման» նկատմամբ:

Կութիերեսի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիքի յանուն ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ Կութիերես դատապարտեց «թիւի աճը քաղաքային զոհերու, ներառեալ կիները եւ մանուկները, որոնք սպաննուեցան եւ վիրաւորուեցան մագլցում արձանագրող յարձակումներու հետեւանքով, եւ դատարկման հրամաններուն պատճառած տառապանքն ու տեղահանութիւնը, ինչպէս նաեւ հսկայական քանդումի եւ աւերի տեսարանը»:

Կութիերես «յատկապէս մտահոգուած է այն տեղեկութիւններէն, թէ Իսրայէլի հարուածները վնասած են հիւանդանոցներուն, առողջապահութեան ոլորտի աշխատողներուն եւ պետական հաստատութիւններուն, ինչպէս նաեւ ան մտահոգուած է մարդասիրական օգնութեան հասանելիութեան սահմանափակումներով»:

Ան ընդգծած է, որ «բոլոր կողմերը պէտք է կատարեն միջազգային օրէնքի, ներառեալ միջազգային մարդասիրական օրէնքի համաձայն իրենց պարտաւորութիւնները»:

Ըստ Տիւժարիքի, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը շեշտած է, որ «քաղաքայինները եւ քաղաքացիական կառոյցները պէտք է միշտ պաշտպանուած ըլլան, եւ անոնց դէմ յարձակումները անընդունելի են»` կոչ ուղղելով «անյապաղ դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները»:

Ան Իսրայէլին կոչ ուղղած է` «իր ուժերը Լիբանանի տարածքէն դուրս բերելու», եւ բոլոր կողմերուն յորդորած` «յարգելու Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ կատարելու Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 (2006) բանաձեւով ստանձնած իրենց պարտաւորութիւնները»:

Ան յայտարարած է. «ՄԱԿ-ը կը շարունակէ յանձնառու մնալ բռնութեան դադրեցման, քաղաքային բնակչութեան պաշտպանութեան եւ այս հակամարտութեան երկարատեւ լուծման ուղղուած ջանքերուն աջակցութեան»:

 

 

Leave a Comment