«Ներկայ Կացութեան Աւարտը Լիբանանէն Իսրայէլի Հեռացում, Եմէնի Շրջափակման Աւարտ Եւ Մեր Գումարներու Ազատում Կը Պահանջէ» Կ՛ըսէ Իրանի Յեղափոխական Պահակագունդը

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի բանբեր գնդապետ Հիւսէյն Մահապի յայտնեց. «Եթէ իրանեան երկու կամ երեք թիրախներ յարձակումի ենթարկուին, թշնամիի 20 թիրախներ հարուածելով պիտի հակադարձենք»:

«Մեր պայմաններէն մէկը այն է, որ Ուաշինկթըն դադրի մեր հիւլէական եւ հրթիռային կարողութիւններուն միջամտել», նշեց ան:

Իրանի յեղափոխական պահակագունդի բանբերը նաեւ շեշտեց. «Ներկայ կացութեան աւարտը Լիբանանէն Իսրայէլի հեռացում, Եմէնի շրջափակման աւարտ եւ մեր գումարներու ազատում կը պահանջէ»:

Leave a Comment