Նախարարաց խորհուրդը երէկ Պաապտայի պալատին մէջ գումարեց ժողով մը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի, որ նիստի սկիզբը նախարարներուն յայտնեց, որ երէկ հիմնաքարը դրուած է Պէյրութի նաւահանգիստի ընդլայնման, «եւ ասիկա բոլորին համար լաւ նախաձեռնութիւն մըն է, որուն նպաստեց հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրամիջոցներու նախարարը, եւ կը յուսանք, որ այս նոյն ծիրին մէջ անոր յաւելեալ քայլեր հետեւին»:
«Ձեզմէ կը խնդրեմ, որ առաւելագոյն արագութեամբ գործէք, եւ մեր առջեւ գտնուող առիթը օգտագործէք բոլոր լիբանանցիներուն ծառայելու` առանց նեղ հաշիւներու մէջ մտնելու: Կան մարդիկ, որոնք կ՛ուզեն մեզի օգնել, եւ մենք ատիկա կ՛ողջունենք: Մեզի անհրաժեշտ է միայն համակարգել համապատասխան նախարարութիւններուն միջեւ աշխատանքը` բոլոր կարելիութիւններէն օգտուելու համար, որպէսզի սկսին իրագործուիլ սպասուած նախագիծերը:
«Մենք պէտք է օգտուինք մեր նկատմամբ այս դրական միտումէն: Այսօր ուժանիւթի նախարարը մեզի ներկայացուց ելեկտրականութեան վերաբերեալ դրական տուեալներ, եւ մենք պէտք է անոնցմէ օգտուինք», նշեց նախագահը:
«Մեզի հասան Նապաթիէի, Սուրի եւ Արապսալիմի բնակիչներուն կոչերը, եւ կ՛ուզեմ խօսքս անոնց ուղղելով ըսել. «Ձեր կոչերը լսեցինք, մենք ձեր կողքին ենք եւ բացարձակապէս չենք կրնար ձեզմէ հեռու ըլլալ: Ինչպէս նաեւ չենք կրնար մեր առաւելագոյն ջանքը չթափել ձեր կողքին մնալու եւ ձեզի օգնելու, եւ կարելիութեան սահմաններուն մէջ օգնելու ձեր դիմացկունութեան բոլոր տուեալներու ապահովման: Ժամանակն է, որ պետութիւնը Հարաւ վերադառնայ: Ասիկա բոլորը մեր պատասխանատուութիւնն է, եւ այս է մեր պարտականութիւնը մեր ժողովուրդին նկատմամբ: Հարաւը Լիբանանի մէկ հիմնական մասն է, եւ իւրաքանչիւր նախարարութիւն պէտք է իր կարելիութիւնները տրամադրէ, որպէսզի առանց որեւէ թերացումի մեր ժողովուրդի կողքին կանգնիլը ընդգծենք», ըսաւ Աուն:
Տեղեկատուութեան նախարար Փոլ Մըրքոս ժողովի աւարտին յայտնեց, որ նախագահի պահանջով աղբերու թղթածրարի եւ առաջարկուած լուծումներու քննարկման կառավարական յատուկ նիստ պիտի գումարուի: