Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատար մը յայտարարեց, թէ Լիբանանի եւ Իսրայէլի դեսպանները այս շաբաթ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ պիտի գումարեն ժողով մը` քննարկելու ներկայ զարգացումներն ու գործադրման շարունակութիւնը «եռակողմ շրջագիծին», որ տակաւին Լիբանանի գերիշխանութեան ու Իսրայէլի անվտանգութեան վերականգնման միակ գործադրելի գործիքակազմն է: Պաշտօնատարը նաեւ յայտնեց, որ Լիբանան-Իսրայէլ պաշտօնական բանակցութիւններուն յաջորդ փուլը հոկտեմբերին … Read more

Նախկին Երեսփոխան Տորի Շամուն Մահացաւ

Նախկին երեսփոխան, Ազգային ազատականներու կուսակցութեան նախկին ղեկավար ու պատուոյ նախագահ Տորի Շամուն երէկ մահացաւ: Տորի Շամուն ծնած է 1931 թուականին, Տէյր Քամար: Ան որդին է հանրապետութեան նախկին նախագահ եւ Ազգային ազատականներու կուսակցութեան հիմնադիր Քամիլ Շամունի: Շամուն 2009 թուականէն մինչեւ 2018 թուական Շուֆի ընտրաշրջանէն երեսփոխան եղած է, իսկ 1998-էն մինչեւ 2008 Տէյր Քամարի քաղաքապետ:  

Նախագահ Աուն Նապաթիէ Այցելեց – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)

Հարապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն շաբաթ առաւօտեան անակնկալ այցելութիւն մը տուաւ Նապաթիէ քաղաք եւ Զաութար Ղարպիէ գիւղ` ընկերակցութեամբ բանակի հրամանատար զօր. Ռուտոլֆ Հայքալի, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ռայետ Ապտալլայի, Ընդհանուր ապահովութեան Ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Հասան Շքէյրի եւ Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Էտկար Լաուանտոսի: Նախագահ Աուն յայտնեց. «Ընդհանրապէս հարաւային Լիբանանի եւ մասնաւորաբար Նապաթիէի զաւակներուն … Read more

Բարձր Գնահատելով Հուսիներուն Դիմացկունութիւնը` Ազիզի. «Հըզպալլան, Համասն Ու Իրաքեան Դիմադրութիւնը Ճշդուած Ժամուն Իրենց Վճռական Պատասխանը Պիտի Բացայայտեն»

Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան ու արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի նախագահ Իպրահիմ Ազիզի բարձր գնահատեց «կայսերապաշտական տիրակալութեան» դէմ Եմէնի դիմացկունութիւնը` աւելցնելով, որ ատիկա  փաստ է, թէ «գերիշխանութիւնը ծախու չէ»: Ազիզի նշեց, որ Եմէնը «յանուն ամբողջ շրջանին առանձին կանգնած է կայսերապաշտական տիրակալութեան դէմ, երբ, ինչպէս ան ըսած է, «շրջանի որոշ կառավարիչներ գերիշխանութիւնը կը սակարկեն դատարկ խոստումներու դիմաց»: Իրանցի … Read more

Ըստ «Ֆայնենշըլ Թայմզ»-ի. ՖԻՆԻՒԼ-ի Լիազօրութեան Ժամկէտի Աւարտէն Առաջ Զայն Պահպանելու Ֆրանսական-Լիբանանեան Ձգտում Գոյութիւն Ունի

«Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթը նշեց, որ Լիբանանն ու Ֆրանսան կը ձգտին երկարաձգել Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ժամանակաւոր ուժի` ՖԻՆԻՒԼ-ի առաքելութիւնը, նախքան յառաջիկայ 31 դեկտեմբերին անոր աւարտը: Բրիտանական օրաթերթը, մէջբերելէ ետք իր տեսած նամակն ու լաւատեղեակ աղբիւրներ, կը գրէ, թէ Լիբանանի կառավարութիւնը սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ուղղուած իր նամակին մէջ կը նշէ, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի լիազօրութիւնը դադրեցնելը վաղաժամ պիտի … Read more

Նախկին Նախագահ Պեշիր Ժեմայէլի Սպանութեան 44-Ամեակի Նշում

Երէկ երեկոյեան, «Պեշիր Ժեմայէլ» հաստատութեան կազմակերպութեամբ Էշրեֆիէի Սասին հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ նախկին նախագահ Պեշիր Ժեմայէլի սպանութեան 44-ամեակի բազմամարդ նշումը: Ներկաներու շարքին էին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Յակոբ Թերզեան: Ոգեկոչման ձեռնարկին խօսք առնելով` նախկին նախագահ Պեշիր Ժեմայէլի որդին` երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլը յայտնեց, որ մեծ յուսախաբութիւն կայ … Read more

Նշելով, Որ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Դադրեցաւ Գոյութիւն Ունենալէ. Պըրրի. «Կացութիւնը Վտանգաւոր Է, Եւ Բոլոր Լուծումները` Հեռու»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի զգուշացուց Լիբանանի մէջ կացութեան վտանգաւորութենէն` նշելով, որ լուծումները տակաւին հեռու են: Ան ըսաւ, որ շրջագծային համաձայնութիւնը դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ, իսկ լիբանանեան բանակը ոչ միայն լիբանանեան կառուցուածքի հիմնական յենասիւնն է, այլ` հիմնական կամուրջը: Պըրրի այս մասին յայտնեց Խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսէյֆիի հետ կատարած եւ «Ժումհուրիա» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցին մէջ: … Read more

Դեսպան Բաղդասարեան Այցելեց Նախագահ Աունի

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Սարմէն Բաղդասարեան երէկ այցելեց Պաապտայի պալատ, ուր հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ: Դեսպան Բաղդասարեան նախագահ Աունին յանձնեց երկու նամակներ. առաջինը` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատրեանի կողմէ, որ կը պարունակէր Հայաստան այցելելու հրաւէր մը, իսկ երկրորդը` Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ նամակ մը, որ կը ներառէր հրաւէր` մասնակցելու … Read more

Պայրագտարեան. «Լիբանանի Մէջ Մարմնակրթութիւնը Միայն Ախոյեանութիւններ Չէ, Այլ Նաեւ` Հայրենիքի Պատկերը»

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար դոկտ. Նորա Պայրագտարեանը, ներքին գործոց եւ քաղաքապետարաններու նախարար Ահմետ Հաժժարը եւ խորհրդարանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիան Պէյրութի «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ, ներկայութեամբ մեծաթիւ անձնաւորութիւններու, դեսպանատուներու, մարմնակրթական ու սկաուտական միութիւններու ներկայացուցիչներու, տուին մամլոյ ասուլիս մը` յայտարարելու 15 սեպտեմբերէն 21 սեպտեմբեր նախարարաց խորհուրդին որդեգրած մարզական շաբթուան ծրագիրը: Պայրագտարեան յոյս … Read more

Ապտելաթի. «Անհրաժեշտ Է Թիւ 1701 Որոշումը Ամբողջական Եւ Ոչ Ընտրովի Կերպով Գործադրել»

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարար Պատր Ապտելաթի վերահաստատեց հարաւային Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն Եգիպտոսի դատապարտումը` ընդգծելով. «Անհրաժեշտ է Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումը ամբողջական եւ ոչ ընտրովի կերպով գործադրել, լիբանանեան պետութիւնը իր գերիշխանութիւնը իր բոլոր հողերուն վրայ տարածէ եւ զէնքի մենաշնորհում կատարուի, ինչ որ կը պահպանէ Լիբանանի անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը»: Ապտելաթի շրջանային եւ միջազգային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու … Read more