Աուն. «Երբ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքին Վերջ Տալու Կոչ Կ՛ուղղեմ` Ըսել Կ՛ուզեմ Վերջ Տալ Պատերազմներուն, Որոնք Երկիրը Քանդեցին»

Հանրապետութեան նախագահ Ժոզեֆ Աուն երէկ «Շապապ Լուպնան» շարժումի պատուիրակութեան հետ հանդիպումի ընթացքին նշեց. «Լիբանան իր բոլոր զաւակներուն կը պատկանի, այդպէս է նաեւ անոր դրօշը, որուն հովանիին տակ են բոլոր լիբանանցիները, անիկա անոնց կրած ինքնութիւն է»:

Ան շեշտեց, որ անհրաժեշտ է, որ հաւատարմութիւնը բացառապէս անոր ըլլայ եւ ոչ թէ օտարերկրեայ ուժերուն, որոնց ոմանք կ՛օգտագործեն երկրին մէջ իրենց եղբայրներուն վրայ իշխանութիւն բանեցնելու համար:

«Մեր ընտրութիւնն էր բանակցիլ Իսրայէլի հետ` հիմնուելով այն կէտին վրայ, որ Լիբանան գերիշխան պետութիւն է, եւ գերիշխան որոշումը գերիշխանութեան մեր ընկալման մաս կը կազմէ, այնպէս որ մենք կը մերժենք, որ դուրսէն ոեւէ մէկը մեզի իր որոշումները պարտադրէ: Մեր որոշումը հիմնուած էր ազգային շահերու եւ Լիբանանի պաշտպանութեան վրայ: Ոչ ոք իր սեփական շահը աւելի լաւ կը հասկնայ, քան իր ժողովուրդը, որովհետեւ դուրսի մարդիկը զայն կը դիտարկեն իրենց սեփական շահերուն տեսանկիւնէն», նշեց նախագահը:

«Մենք ձեռք բերինք շրջագծային համաձայնագիր, եւ մեր նպատակն է դադրեցնել պատերազմը, տեղահանուածները վերադարձնել իրենց գիւղերը եւ մէկ անգամ ընդմիշտ վերջ տալ Իսրայէլի հետ թշնամական վիճակին:

«Շատերը մեկնաբանած են Յունաստանէն իմ արտայայտած դիրքորոշումս` թշնամական վիճակի դադրեցման վերաբերեալ: Այս եզրը նոր չէ, եւ ես զայն հրապարակաւ բազմիցս ըսած եմ: Անոնք ի՞նչ կ՛ուզեն: Արդեօք կ՛ուզեն, որ մենք պատերազմական վիճակի մէ՞ջ մնանք: Կրնա՞նք դիմանալ եւս մէկ պատերազմի: Իմ դիրքորոշումիս վերաբերեալ որեւէ այլ մեկնաբանութիւն սխալ ու կասկածելի է:

«Երբ Իսրայէլի հետ թշնամանքին վերջ տալու կոչ կ՛ուղղեմ` ըսել կ՛ուզեմ վերջ տալ պատերազմներուն, որոնք երկիրը քանդեցին, անմեղ հոգիներ խլեցին, եւ այլեւս կարողութիւն չունինք անոնց տոկալու, եւ այդ առնչութեամբ որեւէ մեկնաբանութիւն կասկածելի է:

«Մենք կը շարունակենք մեր ուղին, որովհետեւ մեր համոզումն է` պաշտպանել երկիրը եւ զայն դուրս բերել 1969 թուականէն մինչեւ այսօր մղուած պատերազմներու շարքէն: 1969 թուականին տեղի ունեցածը պայմանաւորուած էր պետութեան իր գերիշխանութենէն հրաժարելով, եւ իբրեւ հետեւանք` մենք հասած ենք այս կացութեան, որուն մէջ այսօր կը գտնուինք: Մենք անցեալ պիտի չվերադառնանք եւ պիտի շարունակենք այս ուղին», շեշտեց Աուն:

 

 

Leave a Comment